Զապէլ Եսայեան` աշխարհի ամենաքաջ կանանց 5-ին մէջ․ Refinery29

20-րդ դարասկիզբի լրագրող, բանաստեղծ եւ գրող Զապէլ Եսայան ճանչցուած է աշխարհի ամենաանվախ 5 կիներէն մէկը ամերիկեան Refinery29-ի լրատուամիջոցի վարկածով:

Ըստ պարբերականին, «Եսայեանը կնոջ անթերի օրինակ է, որ ապրած է այն ժամանակներուն մէջ, երբ շատ վտանգաւոր էր ցոյց տալ իր խելքն ու ուժը»:

2017-ի Մարտին Զապէլ Եսայեանի անունով անուանակոչուեցաւ Փարիզի փողոցներէն մէկը, կը գրէ Sputnik Արմէնիան:

Զապէլ Եսայեան իր ժամանակներու ամենակրթուած հայուհիներէն եղած է: Ծնած է 1878-ին Կ․Պոլիս: Սկզբնական կրթութիւնը ստանալով Սկիւտարի Սբ Խաչի դպրոցին մէջ` ան տեղափոխուած է Փարիզ եւ շարունակած ուսումը Սորպոնի համալսարանին մէջ:

1900-ին ան ամուսնացած է նկարիչ Տիգրան Եսայեանի հետ եւ 2 երեխայ ունեցած: 1908-ին ան վերադարձած է Կ.Պոլիս` դառնալով հայերու հանդէպ թրքական իշխանութիւններու բռնութիւններուն ականատեսը: Ատանայի ջարդերու ատեն ստեղծուած պատուիրակութեան կազմին մէջ 1909-ին Եսայեան մեկնած է Կիլիկիա, «Ազատամարտ» թերթին մէջ տպագրած է յօդուածներ աղէտի մասին: Կիլիկիոյ հայութեան ողբերգութիւնը նկարագրած է «Աւերակներու մէջ» (1911) գիրքին մէջ:

1915-ին խոյս տալով ձերբակալութենէն` ապաստանած է Պուլկարիա, ապա Թիֆլիս, ցեղասպանութեան մասին յիշողութիւններ հրատարակած է Պաքուի «Գործ» ամսագրին մէջ: 1918 թուականին Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ կազմակերպած է հայ տարագիրներու եւ ողբերու հաւաքման ու տեղաւորման գործը: Այդ տարիներուն գրած է «Վերջին բաժակը» (1916), «Հոգիս աքսորեալ» (1919) վիպակները, բողոքած է քաղաքական եւ ընկերային անարդարութիւններու դէմ:

1933-ին Եսայեան հաստատուած է Խորհրդային Հայաստան: Ան հրատարակած է յօդուածներ` նուիրուած գրականութեան ու արուեստի հարցերուն, կատարած թարգմանութիւններ: 1936-ին գրողներու միութեան մէջ իր ելոյթին կը յաջորդէ ձերբակալութիւնը: Պաքուի բանտէն գրողին գրած նամակները խօսուն են` նոյն տոկուն, խիզախ կեցուածքը: Անոր կեանքի ողբերգական աւարտը` ողբերգական մահուան հանգամանքները մինչ այժմ անյայտ են: