Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին եզակի արխիւ նուիրաբերուած է

Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի ջանքերուն շնորհիւ՝ Հայաստան տեղափոխուած է եւ թանգարանին նուիրաբերուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած ամերիկաբնակ հայ գերդաստանի ընտանեկան արխիւը: Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկէն:

Ամերիկաբնակ Սուսան Սոլաքեանը Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին յանձնած է իր մեծ ընտանիքին մեծ պատմութիւնը՝ յուշագրութիւններ, փաստաթուղթեր, լուսանկարներ: Ան վստահ է, որ իրենց ընտանեկան մասունքները յայտնուած են հոգատար ձեռքերու մէջ, իսկ նպատակն է՝ սերունդներուն փոխանցել ամենակարեւորը՝ յիշողութիւնը:

Ծնունդով Մեզրէէն (Խարբերդի նահանգ) Թոմաս եւ Էսթեր Մկրտիչեաններու ընտանեկան աւելի քան մէկ դարեայ պատմութիւնը՝ իրենց պատմական հայրենիքէն բռնագաղթուելէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ բնակութիւնը հաստատելը, հարուստ է պատմագրական ճշգրիտ տեղեկութիւններով, ինչպէս նաեւ պարզապէս մարդկային կորուստի ծանրագոյն դրսեւորումներով:

Ընտանեկան արխիւային նիւթերը կարեւոր սկզբնաղբիւր են Խարբերդի հայերու տեղահանութեան, կոտորածներու՝ մասնաւորապէս գերմանացի պաշտօնեաներու՝ թուրքերու մեղսակիցը եւ աջակիցը ըլլալու, հայ մտաւորականութեան դաժան սպանութեան, կիրառուած բռնութեան, ինչպէս նաեւ գաղթականներու դրութեան մասին:

Նիւթերը մանրամասն պիտի ուսումնասիրուին Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գիտաշխատողներուն կողմէ եւ պիտի ներկայացուին հանրութեան: