«Մէկ ամսուան համար չենք նկարած ֆիլմը, այլ՝ 100 տարուան». «Խոստումը» ֆիլմին բեմադրիչը Երեւանի մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան մասին «Խոստումը» ֆիլմի բեմադրիչ Թերրի Ճորճը Երեւան ժամանած է։ Ասիկա անոր երկրորդ այցն է Հայաստան. առաջին անգամ այցելած էր չորս տարի առաջ` ֆիլմին համար ուսումնասիրութիւններ ընելու նպատակով, իսկ այսօր՝ արդէն ֆիլմը պաստառներուն է:

«Խոստումը» ֆիլմի բեմադրիչը լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ նշած է, որ իր ֆիլմը յաջող կը համարէ.

«Երբ ոչ հայ բեմադրիչներու կամ հանդիսատեսի կողմէ կը լսեմ, որ երբեք չէին լսած Հայոց Ցեղասպանութեան մասին եւ կը զարմանան, որ ԱՄՆ-ը կամ Մեծ Բրիտանիան մինչ օրս չեն ճանչցած զայն եւ որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը մերժէ ցեղասպանութիւնը, այս առումով, կը կարծեմ, ֆիլմը յաջողած է»,- ըստ  style.news.am-ի ըսած է բեմադրիչը եւ ընդգծած,- «Ֆիլմը դիտողներէն լսած եմ յատկապէս երկու կարծիք` «մենք շատ քիչ գիտէինք Հայոց Ցեղասպանութեան մասին եւ մենք չէինք գիտեր այդ մասին որեւէ բան»: Կը կարծեմ` ֆիլմը որոշ կրթական խնդիրներ կը լուծէ նաեւ այս առումով եւ, բացի այդ, մենք կը փորձենք ֆիլմին միջոցով ուշադրութիւն հրաւիրել փախստականներու խնդիրին, որ մինչ օրս կայ»:

Ան նշած է, որ 20-րդ դարու ամենամեծ ոճրագործութիւնը դեռ չէ ճանչցուած միջազգային հանրութեան կողմէ եւ այդ պատճառով այսօր կը տեսնենք այն, ինչ որ կը կատարուի Սուրիոյ եւ Մեանմայի:

«Մենք մէկ ամսուան համար չենք նկարած այս ֆիլմը, այլ 100 տարուան»,-յայտարարած է ան:

Ասուլիսին ներկայ` «Խոստումը» ֆիլմը արտադրող Էրիք Իսրայէլեան արնդրադարձած է ֆիլմի soundtrack-ի հեղինակ եւ կատարող Քրիս Քորնելի դերին: Նշենք, որ Քորնելը անձնասպանութիւն գործած էր այս տարուան Մայիսին:

«Ցաւօք, ան այժմ մեր հետ չէ. բայց ես շատ կ՝ուզեմ, որ դուք բոլորդ գիտնաք, թէ ան որքան ոգեւորուած էր, որ ան, հայ չըլլալով, այդքան սրտացաւ էր այս խնդիրին հետ: Ան սիրտ ու հոգի դրած էր իր երգին մէջ, ան կը դատապարտէր ցեղասպանութեան մերժումը»: