Յունիս 1-ին պիտի բացուի Լուսինէ Զաքարեանի տուն-թանգարանը

Թէեւ երեւանեան անոր հասցէն Կողբացի 42-ն էր, սակայն ան այնքան յաճախ կը մեկնէր արտասահման շրջագայութիւններու, որ երբեմն կը կատակէին. «Եկած է Հայաստան` հիւրախաղերու»:

Խօսքը ի հարկէ հայ հոգեւոր երգի անզուգական կատարող Լուսինէ Զաքարեանի մասին է: Եթէ ամէն բան ընթանայ ըստ նախատեսուածի` ապա շուտով իրականութիւն պիտի դառնայ անոր տունը թանգարանի վերածելու երկար տարիներու հանրային պահանջքը:

Ճիշտ է` տունը մասնաւոր սեփականութիւն է, սակայն ժառանգներու` Լուսինէի ամուսինին` Խորէն Պալեանի եղբօրորդիներու համաձայնութեամբ ու անմիջական մասնակցութեամբ բնակարանը յառաջիկային պիտի գործէ որպէս հիմնադրամ-թանգարան, որ իր դռները պիտի բանայ Յունիս 1-ին` երգչուհիին ծննդեան օրը:

Մանրամասնութիւնները` տեսանիւթին մէջ: