Արցախի նուիրուած վաւերագրական ֆիլմի շնորհանդէս Իտալիոյ Ռիմինի քաղաքին մէջ

Երեքշաբթի՝ 23 Օգոստոս 2016-ին, Իտալիոյ Ռիմինի քաղաքի «Neri Conai» դահլիճին մէջ կայացաւ իտալացի լրագրող Ճիան Միքալեսինի «Լեռնային Ղարաբաղ. պատերազմի վերադարձը» վաւերագրական ֆիլմի շնորհանդէսը: Ձեռնարկը կազմակերպած էր «Խաղաղութեան եւ ազատութեան միջազգային կեդրոնը»` Ռիմինիի 37-րդ հանդիպման ծիրէն ներս: Այս մասին կը յայտնեն ԱԳՆ մամուլի ծառայութենէն:

Ցուցադրութենէն առաջ ողջոյնի  խօսքով հանդէս եկան Իտալիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վիքթորիա Բաղդասարեանը, ֆիլմի հեղինակ Ճիան Միքալեսին եւ «Խաղաղութեան եւ ազատութեան միջազգային կեդրոնի» տնօրէն Ռոպերթօ Ֆօնթոլան:

Դեսպան Բաղդասարեան իր ելոյթին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց ֆիլմի հեղինակին` Արցախի, ինչպէս նաեւ հակամարտութեան գօտիին մէջ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած ապրիլեան յարձակումներուն մասին ճշմարտութիւնը ներկայացնելու, ինչպէս նաեւ ձեռնարկի կազմակերպիչներուն` դեսպանութեան հետ սերտ համագործակցելու եւ ֆիլմի շնորհանդէսը կազմակերպելու համար: ՀՀ դեսպանը հակիրճ ներկայացուց ղարաբաղեան հիմնահարցի պատմութիւնն ու էութիւնը: Դեսպան Բաղդասարեան ընդգծեց, որ Ճիան Միքալեսինի ֆիլմը ոչ միայն կը ներկայացնէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի պայքարի պատմութիւնը, այլեւ կոչ կ’ընէ անտարբեր չըլլալ մարդոց ու ժողովուրդներուն հանդէպ իրականացուող խտրականութեան ու բռնութեան հանդէպ: