«ԱՐՑԱԽ. ՎՏԱՆԳՈՒԱԾ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆ»

Լոյս տեսաւ «ԱՐՑԱԽ. ՎՏԱՆԳՈՒԱԾ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆ» եռալեզու պատկերագիրքի առաջին հատորը, որ հրատարակուեցաւ Համազգային հայ կրթական մշակութային միութեան Հայաստանի եւ Արցախի գրասենեակներու նախաձեռնութեամբ, Հայկակական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամի աշխատասիրութեամբ։

Գիրքին հեղինակն է Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմադրամի փոխտնօրէն Րաֆֆի Քորթոշեանը։ Պատկերագիրքը կը ներառէ Արցախի 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով Ատրպէյճանի կողմէն բռնազաւթուած տարածքներուն մէջ մնացած հայկական պատմաճարտարապետական ժառանգութիւնը։ Հայերէնով, ռուսերէնով եւ անգլերէնով ներկայացուած է եկեղեցիներու եւ յուշարձաններու ստեղծման պատմութիւնը, անոնց կարեւորութիւնն ու սպառնացող վտանգները։

«Դատելով Ատրպէյճանի իշխանութիւններու քաղաքականութենէն՝ մինչ դուք կ’ընթերցէք գիրքը, Արցախի վտանգուած յուշարձաններու մէկ մասը արդէն աւերուած կ’ըլլայ»,- գիրքի նախաբանին մէջ այս տողերն են։ Շուշիի Յովհաննէս Մկրտիչ կամ Կանաչ ժամ, Մեխակայանի Զիրավոր Ս․ Աստուածածին եկեղեցիներու ոչնչացումն այդ քաղաքականութեան յայտնի օրինակներէն են։  Առկայ են բազմաթիւ ապացոյցներ, որ հայկական յուշարձանները կ’աւերուին։ Եկեղեցիներու պատերէն կը քերուին- կը հեռացուին հայերէն արձանագրութիւնները, որպէսզի անոնք ներկայացուին որպէս «աղուանական» յուշարձաններ։ Քանի մը եկեղեցիներ կամ պարզապէս պայթեցուած են, կամ պղծուած։  Եռալեզու այս աշխատանքը կարեւոր նշանակութիւն կ’ունենայ Արցախի պատմամշակութային հարուստ ժառանգութիւնը աշխարհին ներկայացնելու եւ այն թուրք-ատրպէյճանական ոտնձգութիւններէն պաշտպանելու գործին մէջ՝ կը նշէ ԳԱԱ ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեանը։

Ան կը բացայայտէ, թէ լաւ է, որ այս գիրքը տպագրուած է հասարակական միջոցներով, բայց աւելի լաւ կ’ըլլար եթէ նման գիրքեր տպագրուէին պետական հոգածութեամբ։  Ամերիկայի մէջ նման գործերու համար տարեկան կը յատկացուի 800 միլիոնէն մինչեւ 2 միլիառ տոլար, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ նոյնպէս` հսկայական գումաներ կը յատկացուին։

Երբ պատկերագիրքը գրեթէ պատրաստ էր հրատարակութեան, Ատրպէյճանի կողմէն սանձազերծուեցաւ հերթական պատերազմը։ Մէկ շաբաթուայ ընթացքին Արցախը ամբողջապէս հայաթափուեցաւ։ Այսօր վտանգուած են Ատրպէյճանի հսկողութեան տակ մնացած հայկական բոլոր յուշարձանները, եկեղեցիները։ Պատկերագիրքի երկրորդ հատորը, որ դեռ կազմուելու փուլին մէջ է, կը ներառէ Սեպտեմբերի վերջին բռնի տեղահանութեան հետեւանքով Արցախի մնացեալ տարածքներու պատմամշակութային ժառանգութիւնը։