Իտալացի յայտնի ջութակահար ու ալթահար Մարքօ Միշանիայի եւ հանրածանօթ օփերայի երգիչ, «Զուարթնոց» խումբի գեղարուեստական ղեկավար Տիգրան Կոնինեանի՝ Գառնիի հեթանոսական տաճարին մէջ նկարահանուած «Արեւի երգը` Արեւի աստուծոյ տաճարին մէջ» տեսահոլովակը ուղղուած է Իտալիոյ հասարակութեան:
Համատեղ տեսահոլովակ նկարահանելու նախաձեռնութիւնը «Պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-ի տնօրէն Արա Թարվերդեանինն է: Իտալացի երաժիշտին հետ օրերս կայացած հանդիպման մը ընթացքին՝ կազմակերպութեան ղեկավարը բարձրաձայնած է իր մտայղացման մասին: Մարքօ Միշանիան մեծ ոգեւորութեամբ արձագանգած է առաջարկին, որմէ ետք համաձայնութիւն եղած է յայտնի ջութակահարի երեւանեան համերգի կազմակերպիչ «Կամերային երաժշտութեան ազգային կեդրոն»-ի տնօրէնութեան հետ: Այս մասին կը տեղեկացնեն «Պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-էն:
Հայ-իտալական գործակցութիւնը միտուած է Գառնիի հենթանոսական տաճարի հանրահռչակման, նաեւ՝ հայկական մշակութային ժառանգութեան հանդէպ իտալացի զբօսաշրջիկներու մօտ հետաքրքութիւն առաջացնելուն:
Տիգրան Կոնինեանը եւ անոր ղեկավարած «Զուարթնոց» խումբը «Պահպանութեան ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-ի լաւագոյն բարեկամն են: Տեղացի այցելուները եւ օտար զբօսաշրջիկները «Զուարթնոց» խումբի անզուգական կատարումները յաճախ կրնան ունկնդրել «Պահպանութեան ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-ի մասնաճիւղ՝ «Զուարթնոց» պատմամշակութային արգելոց-թանգարանին մէջ:
Մ. Միշանիայի եւ Տ. Կոնինեանի համատեղ աշխատանքը շուտով պիտի ներկայացուի հասարակութեան դատին: