Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ Թաներ Աքչամի հայերու բռնի իսլամացման վերաբերեալ գիրքը

Երեւանի մէջ լոյս տեսած է թուրք յայտնի պատմաբան Թաներ Աքչամի Հայերու բռնի իսլամացման վերաբերեալ գիրքը, որ բաղկացած է երեք բաժիններէ: Այս մասին կը հաղորդէ Akunq.net-ը։

Առաջին բաժինով հեղինակը կը խօսի Թուրքիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով անաչառ կերպով զբաղուելու անհնարինութեան, այդ գործին մէջ իր կրած դժուարութիւններուն եւ պետութեան կողմէ իր դէմ կազմակերպուած հալածանքներուն մասին:

Երկրորդ բաժինով կը ներկայացուի Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ օսմանեան բանակին մէջ ծառայած հայ սպայ Սարգիս Թորոսեանի յուշերուն թրքերէն հրատարակութեան շուրջ ծաւալած խտրական ու կողմնակալ քննարկումներու պատմութիւնը, որուն ընթացքին Թ. Աքչամի նկատմամբ դարձեալ սկիզբ կ՝առնէ զրպարտութիւններու, անհիմն մեղադրանքներու եւ հալածանքներու մեծ արշաւ մը:

Երրորդ բաժինով, հեղինակը, հարուստ փաստական հենքի վրայ, կը ներկայացնէ հայերու բռնի իսլամացման եւ ուծացման քաղաքականութիւնը 1915-1918-ին: Թ. Աքչամ պատմութեան քիչ յայտնի այս երեւոյթները կը գնահատէ իբրեւ Հայոց  Ցեղասպանութեան կառուցուածքային տարրեր:

Գիրքը թարգմանուած եւ հրատարակութեան պատրաստուած է արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ:

Թրքերէնէ թարգմանած է Մելինէ Անումեանը:

Պատասխանատու խմբագիր` Հայկազուն Ալվրցեան:

Գիրքը թարգմանուած է Ժիրայր Նշանեան հիմնադրամին հովանաւորութեամբ` ի յիշատակ 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ նահատակներու:

Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնը իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ Թաներ Աքչամին` գիրքի թարգմանութեան արտօնութեան  եւ Ժիրայր Նշանեան հիմնադրամին` հայերէն թարգմանութիւնն ու հրատարակութիւնը հովանաւորելու համար:

Գիրքի թարգմանութեան եւ հրատարակութեան գաղափարը իրականացուած է  գերաշնորհ տէր Վիգէն արքեպիսկոպոս Այքազեանի ջանքերուն շնորհիւ, որուն համար կը յայտնուի խորին շնորհակալութիւն: