Յունիս 2-4 Թումօ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ Fashion Forum Yerevan 2018-ը` նորաձեւութեան ոլորտը զարգացնելու եւ առաջ մղելու առաքելութեամբ:
Համաժողովը կը կազմակերպէ «Ազդեցութեան գործարար ակումբ» հասարակական կազմակերպութիւնը` «Նորաձեւութեան եւ դիզայնի (ձեւաւորումի-ԵՌԳ․) պալատ» կազմակերպութեան հետ համատեղ:
Միջոցառման պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ Յունիս 2-ին` 18:30-ին, Արամ Խաչատրեանի տուն-թանգարանին մէջ` «Նոյի սերունդները» հանրաճանաչ եւ սկսնակ հայ ձեւագէտներու հագուստներու ցուցադրութեամբ:
Բացման ողջոյնի խօսքով հանդէս պիտի գան Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Փիոթր Սուիթալսքին, Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Մաթիաս Քիսլըրը եւ ՀՀ մշակոյթի նախարար Լիլիթ Մակունցը:
Fashion Forum Yerevan 2018-ին կ՛աջակցի Եւրոպական Միութիւնը. «ԵՄ-ն` գործարարութեան համար» «Աջակցութիւն ՓՄՁ զարգացմանը Հայաստանի մէջ» ծրագրի ծիրէն ներս, որ կը ֆինանսաւորուի Եւրոպական Միութեան եւ Գերմանիոյ տնտեսական համագործակցութեան եւ զարգացման նախարարութեան կողմէ եւ կ՛իրականացուի է ԳՄՀԸ Մասնաւոր հատուածի զարգացումը Հարաւային Կովկասի մէջ ծրագրի շրջանակին մէջ:
Fashion Forum Yerevan 2018-ը եզակի հնարաւորութիւն կը ստեղծէ հանդիպելու նորաձեւութեան ոլորտի առաջատար ներկայացուցիչներու, մասնագէտներու հետ եւ ուսումնասիրելու միջազգային փորձը: Սա առաջին քայլն է դէպի միջազգային նորաձեւութեան հարթակ, ուր գիտելիքը եւ կապերը յաջողութեան բանալի են:
Ֆորումին պիտի մասնակցին եւ իրենց փորձով պիտի կիսուին նորաձեւութեան ոլորտի միջազգային յայտնի փորձագէտներ։