Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարը յայտնուած է աշխարհի 25 ամենագեղեցիկ եկեղեցիներու ցանկին մէջ

Luxatic portal-ը Երեւանի մէջ գտնուող Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարը ներառած է աշխարհի 25 ամենագեղեցիկ տաճարներու ցանկին մէջ։ Այս մասին կը յայտնէ infoport.am-ը:

«Ասիկա մեր ցանկի նորագոյն տաճարներէն է՝ կառուցուած Վազգէն Ա․ կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ։ Յայտնի է նաեւ իբրեւ Երեւանի Մայր տաճար, անիկա Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ամենամեծ տաճարն է աշխարհի մէջ։ Համալիրը բաղկացած է երեք եկեղեցիներէ։ Հայկական աւանդական ճարտարապետական ​​ոճով կառուցուած տաճարը երկրի ամենաշատ այցելուող եկեղեցին է»,- կը նշէ հրատարակութիւնը։