«Եւրոտեսիլ 2018». Սեւակ Խանաղեան ներկայացուց իր «Քամի» երգին տեսահոլովակը

Մարտ 21-ին, «Եւրոտեսիլ» մրցոյթի պաշտօնական youtube-ի կայքին մէջ հրապարակուած է Հայաստանի ներկայացուցիչ Սեւակ Խանաղեանի «Քամի» երգին տեսահոլովակը:

Նշենք, որ տեսահոլովակի բեմադրիչը Արթուր Մանուկեանն է:

«Երբ առաջին անգամ լսեցի երգը հասկցայ, որ պէտք է տեսահոլովակին մէջ ցոյց տալ Սեւակին հոգեվիճակն ու ապրումները: Տեսահոլովակին մէջ որեւէ աւելորդ տարր չկայ` չեմ ցանկացած պատկերը  ծանրաբեռնել տեսարաններով, քանի որ փորձած եմ չշեղել հանդիսատեսի ուշադրութիւնը երգէն եւ Սեւակէն: Հաշուի առնելով այսօրուան միտումները` շեշտադրումը դրած եմ լուսային ձեւաւորման եւ մոնթաժային հնարքներու վրայ: Յոյսով եմ, տեսահոլովակը կ’օգնէ փոխանցելու Սեւակին հոգեւիճակն ու երգի ըսելիքը հայ եւ եւրոպացի հանդիսատեսին», – ըսած է տեսահոլովակին բեմադրիչը:

«Այս տեսահոլովակը իմ եւ Հանրային հեռուստաընկերութէան առաջին համագործակցութիւնն է եւ պէտք է ըսեմ, որ նկարահանումները շատ լաւ ընթացան: Նկարահանման ընթացքին մեծ եւ արհեստավարժ խումբ աշխատեցաւ` ի դէմս բեմադրիչ Արթուր Մանուկեանի, որ շատ լաւ գիտէ, թէ ինչպէս պէտք է պատկերի միջոցով փոխանցել երգի եւ երգիչի զգացումները: Տեսահոլովակին մէջ, ինչպէս բեմի վրայ, շատ անկեղծ եմ: Յոյսով եմ հանդիսատեսը կը սիրէ մեր կատարած աշխատանքը», – ըսած է Սեւակ Խանաղեան:

Յիշեցնենք` «Եւրոտեսիլ 2018»-ը տեղի պիտի ունենայ Լիզպոնի մէջ` Մայիս 8-ին, 10-ին եւ 12-ին: Հայաստանի ներկայացուցիչը ելոյթ պիտի ունենայ առաջին կիսաեզրափակիչին, որ նախանշուած է Մայիս 8-ին: