Թաներ Աքչամի «Հայերու Բռնի Իսլամացումը» գիրքը հայերէնով լոյս տեսաւ

Թրքագէտ Մելինէ Անումեանը հայերէնի թարգմանած է թուրք պատմաբան Թաներ Աքչամի «Հայերու բռնի իսլամացումը. լռութիւն, ժխտում եւ բռնի ուծացում» գիրքը, որ նորովի կը բացայայտէ Ցեղասպանութեան տարիներուն հայերու բռնի իսլամացման պետական քաղաքականութիւնը: Գիրքի առաջին մասին մէջ Աքչամը կը ներկայացնէ, թէ ինչպէս անտեսելով իրեն ուղղուած մահուան սպառնալիքները, շարունակած է զբաղիլ Հայոց Ցեղասպանութեան գիտական ուսումնասիրութեամբ: