Թուրքիոյ մէջ Վանի թագաւորութան պատմութեան նուիրուած թանգարան պիտի բացուի

2018 Ապրիլ 10-ին, Վան քաղաքին մէջ պիտի բացուի թանգարան, ուր  պիտի ներկայացուին Վանի թագաւորութեան (Ուրարտու) պատմութեան նուիրուած գտածոներ եւ բացառիկ նմուշներ:

Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ Վանի նահանգապետ եւ համանուն քաղաքի քաղաքապետի պաշտօնակատար Մուրաթ Զորլուօղլուն յայտնած է, որ թանգարանի բացումը շատոնց նախատեսուած էր, սակայն որոշ խնդիրներու պատճառով կը յետաձգուէր:

Թանգարանի շինարարութիւնը, որ դեռ կը շարունակուի, ֆինանսաւորուած է Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութեան կողմէ (10մլն թրքական լիրա, որ համարժէք է 263 622.23 տոլարի):

Բացման արարողութեան պիտի հրաւիրուին Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Նուման Քուրթուլմուշը:

Թանգարանին համար երկար ժամանակ նմուշներ հաւաքագրուած են շրջակայ տարածքներէն: 2013-ի դրութեամբ՝ նմուշներուն թիւը կը հասնէր 87 հազարի:

Կ՝ակնկալուի, որ անիկա պիտի հանդիսանայ Թուրքիոյ ամենամեծ թանգարաններէն մէկը: