Երեւանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան դրամաշնորհով եւ բարձր հովանաւորութեամբ հրատարակուած է ցեղասպանագէտ Մարի Յովհաննիսեանի «Ուրացման քաղաքականութեան արմատները, նորօրեայ դրսեւորումները եւ անոնց հետեւանքները» գիրքը: Ուսումնասիրութիւնը կատարուած է Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն գիտահետազօտական հիմնադրամին մէջ: Այդ մասին կը հաղորդէ կեդրոնի «Ակունք» պաշտօնական կայքէջը:
Աղբիւրին համաձայն, աշխատութեան մէջ ներկայացուած են Հայոց ցեղասպանութեան թրքական ժխտողականութեան քաղաքականութեան ակունքները, անոնց դրսեւորումները Ցեղասպանութեան ընթացքին, 1965 թուականէն ետք եւ մեր օրերուն: Ըստ հեղինակին, ժխտման հիմնական թեզերը, որոնք սկիզբ առած են 1894-96 թուականներու կոտորածներու շրջանին, հիմնականին մէջ նոյնը մնացած են հետագայ տասնամեակներու ընթացքին, սակայն փոխուած են անոնց ներկայացման մեթոտներն ու գործընթացները:
Գիրքին մէջ Մ. Յովհաննիսեանի կողմէ առաջ կը քաշուի ցեղասպանագիտութեան մէջ նոր թեզ, ըստ որուն` Ցեղասպանութեան ժխտումը կը սկսի շատ աւելի վաղ, քան` բուն հանցագործութիւնը:
Ուսումնասիրութեան երեք գլուխներուն մէջ ամփոփուած են ժխտողականութեան տեսութեան վերաբերող դրոյթներ, Հայոց ցեղասպանութեան թրքական ժխտողական քաղաքականութեան փուլերը, անոնց զարգացումները եւ հետեւանքները:
Մենագրութիւնը հիմնուած է հեղինակին կողմէ առաջին անգամ գիտական շրջանառութեան մէջ դրուող արխիւային փաստաթուղթերու, ժամանակի մամուլի, հասարակական-քաղաքական գործիչներու յուշերու եւ մասնագիտական գրականութեան վրայ:
«Էտիթ փրինթ» հրատարակչութեան մէջ տպագրուած 168 էջանոց սոյն աշխատութեան խմբագիրն է Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն, հայագէտ, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Հայկազուն Ալվրցեանը: