Այժմեան Թուրքիոյ Կեսարիա քաղաքին մէջ գտնուող Սուրբ Մարիամ Աստուածածին հայկական եկեղեցին կը վերածուի գրադարանի։ Կեսարիոյ քաղաքապետարանը արդէն սկսած է եկեղեցւոյ շինութեան վերանորոգման – վերականգնման աշխատանքները։ Օսմանեան ժամանակաշրջանին պատկանող այս կառոյցը նախապէս՝ տարբեր ժամանակահատուածներու՝ ծառայած է իբրեւ ոստիկանական բաժանմունք եւ մարզասրահ։
Վկայակոչելով թրքական մամուլը՝ Ermenuhaber.am-ը կը հաղորդէ, թէ եկեղեցւոյ պատերուն վրայ առկայ զարդաքանդակները, որմնանկարներն ու գրութիւնները, որոնք աւելի վաղ կատարուած աշխատանքներու ժամանակ ծածկուած էին կիրի շերտով, այժմ յատուկ՝ մանրակրկիտ ջանքերով՝ կրկին մաքրուած ու բացուած են։
Յայտնի է, որ քաղաքապետարանը որոշում կայացուցած է՝ հայկական եկեղեցին 24 ժամ գործող քաղաքային գրադարան դարձնելու վերաբերեալ։ Աշխատանքները կը նախատեսուին աւարտել մինչեւ տարեվերջ։ Գրադարանի վերածուած եկեղեցիին մէջ պիտի ըլլան ե՛ւ աւանդական գիրքեր, ե՛ւ ժամանակակից ելեկտրոնային գիրքերէն օգտուելու հնարաւորութիւն։
Կեսարիոյ քաղաքապետ Մուսթաֆա Չելիքի խօսքով՝ Թուրքիոյ տարածքին վրայ մինչ օրս գրադարանի վերածուած եկեղեցի դեռ չէ եղած։ Ամէն պարագայի, նպատակ կայ կառոյցը վերականգնելու ըստ իր նախնական տեսքին։ Կ՝ենթադրուի, որ վերակառուցման, կահաւորման ու գիրքերու արխիւ ստեղծելու համար ծախսուի շուրջ 6-8 միլիառ թրքական լիրա։
Նախապէս, եկեղեցւոյ մէջ իրենց կրօնական արարողութիւնները իրականացնելու համար, Կեսարիոյ բողոքական համայնքը դիմած էր՝ եկեղեցին իրենց յանձնելու խնդրանքով: Իսթանպուլի բողոքական եկեղեցին դիմում ներկայացուցած էր Կեսարիոյ քաղաքապետարանին, քանի որ Կեսարիոյ բողոքական համայնքը աղօթատեղի չունի: Բողոքական եկեղեցւոյ դիմումը, սակայն, մերժուած էր: