Հայ իշխանը իր հաւաքածուէն 20 կտաւ պիտի նուիրէ Հայաստանին

Հաւաքածուներ ունեցող, «Կորչաքովներու իշխանական տան» ղեկավար իշխան Անտրէյ Կորչաքով-Ապամելիքովը Ուքրանիոյ մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անդրանիկ Մանուկեանի հետ հանդիպման ժամանակ խոստացած է իր հաւաքածուէն 20 կտաւ նուիրել Հայաստանին: Այս մասին ֆէյսպուքեան իր էջին մէջ գրած է դեսպան Մանուկեան:

«Բացի այն, որ ան կը համարուի հայկական իշխանական Ապամելիքովներու տոհմի ներկայացուցիչ, ինչով ան կը հպարտանայ, ան նաեւ ամբողջ հոգիով կ՛երկրպագէ Հայաստանին: Յայտնի նկարիչներու կտաւներու բաւական լայն հաւաքածու ունենալով եւ ոգեշնչուելով Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւններով ու Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակով` ան որոշած է իր հաւաքածուէն 20 կտաւ նուիրել Հայաստանին:

«Բանակցութիւններու արդիւնքով նաեւ պայմանաւորուեցանք, որ յետագային Անտրէյ իր ողջ հաւաքածուն պիտի կտակէ Հայաստանի թանգարաններուն»,- կը գրէ  դեսպանը: