Մաժակ Թոշիկեանի նոր ստեղծագործութիւնը` «Սասունցիներու Պարը»

Թուրքիոյ մէջ ծնած ու մեծցած գանատաբնակ երաժշտական արտադրող, երգահան Մաժակ Թոշիկեան (Թուրքիոյ մէջ յայտնի` Չենք Թաչքան անունով) երեք տասնեակ հայկական երգերու հեղինակ է, որոնցմէ առաջինը  գրուած է Յովհաննէս Շիրազի «Նամակ» բանաստեղծութեան հիման վրայ, եւ զայն հնչեցուցած է ճանչցուած երգչուհի Սիպիլը: Հայրենիքէն հեռու բնակող մեր տաղանդաւոր հայրենակիցը իր իսկ խոստովանութեամբ ` մինչեւ Հայրենիք այցելելն  իր կարօտը Հայաստանէն  այդ երգերով  առած է…

Մաժակ Թոշիկեան այսօր ալ կ’ապրի  Հայրենիքէն հեռու, սակայն  այն այլեւս երազ չէ  տաղանդաւոր երաժիշտին համար, այլ` իրական   հեքիաթ մը, որուն գոյներէն  ու արեւի ջերմութենէն, պատմութեան հերոսական  էջերէն  ծնունդ կ’առնեն նոր գործեր. Ատոնցմէ մէկն ալ վերջերս գրած  Գէորգ Էմինի «Սասունցիներու պարը» ստեղծագործութեան համար գրուած երաժշտութիւնն է:

«Այս ծրագիրը քանի մը տարի առաջ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեանը ինծի առաջարկած էր: Սկսայ աշխատելու, եւ գրեթէ մէկ տարի անց ստեղծագործութիւնն արդէն պատրաստ էր:

Յիսնամեայ իմ փորձառութեամբ, մանրակրկիտ աշխատանքով` ձեռնարկեցի այս մեծ ծրագիրը: Այսքան տարի ոչ մէկը փորձ ըրած էր այս շատ տպաւորիչ գործը երաժշտութեան վերածելու, ուրախ եմ, որ այդ բախտը ինծի վիճակուեցաւ: Այժմ իմ ամենակարեւոր երազանքս է` «Սասունցիներու պարը» արժանավայել ներկայացնել Հայաստանի  եւ Սփիւռքի մէջ»,- «Հայերն այսօրի»-ի հետ զրոյցին ըսած է Մաժակ Թոշիկեան:

Ստեղծագործութիւնը գրուած է Epic-Cinematic Sound ժանրին  մէջ, որ ինչպէս նշեց Մաժակ Թոշիկեան, ընդունելի է ո՛չ միայն հայերուն կողմէ, այլեւ շատ գործածելի է աշխարհի մէջ:

«Նուագախումբի, երգչախումբի, աւանդական նուագարաններու կատարողներու եւ  մեներգիչներու բաժինները` որպէս playback, պէտք է ներառուին ստեղծագործութեան մէջ: Հասկնալի է, որ եթէ քառասունէ աւելի պարախումբ, ութսունէ աւելի երգչախումբ-նուագախումբ մէկտեղուին մէկ բեմի վրայ` խճողումը անխուսափելի կը դառնայ, միաժամանակ այսպիսի բազմամարդ խումբէ լաւագոյն ձայնային արդիւնք ստանալը բաւականին ծախսատար կ’ըլլայ»,-նշեց Մաժակ Թոշիկեան:

Երգահանը աւելցուց, որ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, քաջատեղեակ ըլլալով ծրագիրին, առաջարկած է 2018 թուականի Սեպտեմբերին ստեղծագործութիւնը հնչեցնել Հայաստանի մէջ` նկատի առնելով, որ Սեպտեմբեր 21-ին կը նշուի Հայաստանի Անկախութեան տօնը: «Նկատի ունենալով այս հանգամանքը, այսօր արդէն կրնանք արձանագրել, որ ստեղծագործութեան առաջնախաղը պիտի կայանայ Սեպտեմբերին`  Երեւանի Օփերայի եւ պալէի պետական ակադեմական թատրոնին մէջ: Յոյսով եմ, ներկայացումներու շարքը կը հասնի մինչեւ Պոլիս, Նիւ Եորք, Պոսթըն, Մոնրէալ, Թորոնթօ, Լոս Անճելըս, Փարիզ եւ այլ քաղաքներ: Այս առիթով կ’ուզեմ նաեւ իմ շնորհակալութիւնս յայտնել Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին, որ պատրաստակամութիւն յայտնեց աջակցելու նախագիծին»,-ըսաւ ստեղծագործութեան հեղինակը:

Զրոյցի աւարտին Մաժակ Թոշիկեան աւելցուց, որ «Սասունցիներու պարը» ստեղծագործութեան խորէոգրաֆը եւ պարախումբի ղեկավարը Արման Ջուլհակեանն է (Երեւան), նախագիծին պիտի մասնակցին «Փարոս» կամերային երգչախումբը (Երեւան, խմբավար Րաֆֆի Միքայէլեան), աւանդական նուագարաններու կատարողներ, իսկ որպէս մեներգիչ` հանդէս կու գայ Գոհար Յովհաննիսեան (Երեւան):