Մալթայի հանրապետութեան մէջ Հայաստանի մշակոյթի օրեր պիտի իրականացուին

ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան, «Մալթայի արուեստի խորհուրդ»-ի եւ «Մշակոյթի աջակցութեան Եւրոպական հիմնադրամ»-ի համագործակցութեամբ, «Վալեդդան Եւրոպայի մշակութային մայրաքաղաք» ծրագիրին ծիրէն ներս, Ապրիլ 18-30, Վալեդդայի մէջ (Մալթայի Հանրապետութիւն), առաջին անգամ ըլլալով, պիտի իրականացուի «Հայաստանի մշակոյթի օրեր»: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ մշակոյթի նախարարութիւնը։

«Հայաստանի մշակոյթի օրեր» ծրագիրին բացումը տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 18-ին, «Meditterranean Conference Center» կեդրոնի «Sacra Infermeria Hall» սրահին մէջ. այստեղ տեղի պիտի ունենայ աշխարհահռչակ երաժշտահան Արամ Խաչատրեանի 115-ամեակին նուիրուած՝ «Երաժշտութեան միջազգային լեզու» լուսանկարչական ցուցահանդէսին բացումը, որուն «Republic Hall» համերգասրահին մէջ պիտի յաջորդէ՝ Մալթայի սիմֆոնիք նուագախումբին եւ Հայաստանի սիմֆոնիք նուագախումբին (գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար՝ ՀՀ վաստակաւոր արտիստ Սերգէյ Սմբատեան) համերգը:

Ծրագիրին ծիրէն ներս՝ համերգներով հանդէս պիտի գան նաեւ «Խաչատրեան թրիօ»-ն եւ «Արաքս» պարախումբը, պիտի կայանայ Տիգրան Մանսուրեանի հեղինակային համերգը, ինչպէս նաեւ Մալթայի երգչախումբին կատարումով պիտի հնչեն Կոմիտասի երգերը:

Պիտի իրականացուին «Կոմիտաս. կեանքը լուսանկարներու մէջ», «Խաչքարեր», «Քարերու գաղտնիք» խորագիրներով ցուցահանդէսները, պիտի ցուցադրուին Արտաւազդ Փելեշեանի «Տարուայ եղանակները», Միքայէլ Պօղոսեանի «Շնորհակալութիւն, հայրիկ» ֆիլմերը: Կը նախատեսուի «Արուեստ եւ մշակոյթ» հիմնադրամի կրթաթոշակակիրներ՝ Մերի Մուսինեանի (քանոն), Գէորգ Ստեփանեանի (տուտուկ/, Էլեն Յարութիւնեանի (դաշնամուր), Վահրամ Յովհաննիսեանի (երգիչ) ելոյթները:

Նշենք, որ «Հայաստանի մշակոյթի օրերը» Մալթայի Հանրապետութեան մէջ կ՝իրականացուի համաձայն 2017 Դեկտեմբեր 7-ին Վիեննայի մէջ ԵԱՀԿ անդամ պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներու 24-րդ խորհուրդին ընթացքին, ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեանի եւ Մալթայի Հանրապետութեան արտաքին գործոց եւ առեւտուրի զարգացման հարցերով նախարար Գարմելօ Ապելայինի կողմէ ստորագրուած «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Մալթայի Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ մշակոյթի բնագաւառէն ներս համագործակցութեան մասին» համաձայնագիրին: