Շուշիի մէջ հայկական դրամի թանգարան բացուած է

Հայաստանի Հանրապետութեան կեդրոնական դրամատան աջակցութեամբ՝ Շուշիի մէջ, Չորեքշաբթի՝ 9 Մայիս 2018-ին, տեղի ունեցած է հայկական դրամի թանգարանի բացման հանդիսաւոր արարողութիւն: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը։

Թանգարանի հանդիսաւոր բացման մասնակցող ԱՀ նախագահ Բակօ Սահակեան եւ ՀՀ նորընտիր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ծանօթացած են ցուցադրուած նմուշներուն:

Շուշիի դրամի թանգարանին մէջ ցուցադրութեան դրուած է հին հայկական՝ Ծոփքի հայոց թագաւորութեան, Արտաշէսեան տոհմի՝ Տիգրան Մեծի, Արտաւազդ 2-րդի, Կիլիկեան Հայաստանի, ռուսական կայսրութեան եւ ԽՍՀՄ ժամանակաշրջաններու մետաղադրամներ ու թղթադրամներ:

Թանգարանին մէջ առանձնայատուկ տեղ յատկացուած է Արցախին նուիրուած ցուցադրութեան, ուր ներկայացուած են Տիգրանակերտ քաղաքէն յայտնաբերուած մետաղադրամներ, Շուշի քաղաքին մէջ 18-րդ դարու վերջը եւ 19-րդ դարու սկիզբը գործած դրամահատարանին մէջ հատուած արծաթէ մետաղադրամներ, ինչպէս նաեւ ՀՀ Կեդրոնական դրամատան կողմէ տարբեր տարիներու թողարկուած յուշադրամներ՝ նուիրուած Արցախին:

Շուշիի հայկական դրամի պատասխանատու, ՀՀ կեդրոնական դրամատան դրամագէտ Գէորգ Մուղալեան ըսած է, որ թանգարանին առաքելութիւնը հայկական դրամագիտութեան եւ դրամաշրջանառութեան  պատմութեան բազմաթիւ թղթադրամներու, մետաղադրամներու, յուշադրամներու, յուշամետալներու, ներառեալ՝ եզակի նմուշներու եւ հաւաքածուներու ներկայացումն է՝ սկսեալ հայկական առաջին դրամներէն, մինչեւ ժամանակակից նմուշներ:

«Շուշիի հայկական դրամի թանգարանը հնարաւորութիւն պիտի տայ այցելուներուն ծանօթանալու հայկական դրամաշրջանառութեան հարուստ պատմութեան, ինչպէս նաեւ պատկերացում կազմելու ելեւմտական ու դրամատնային համակարգի զարգացման վերաբերեալ: Թանգարանին մէջ ներկայացուած է 700 մետաղադրամ եւ թղթադրամ, որոնցմէ ամենահինը Ալեքսանդր Մակեդոնացիի արծաթէ մետաղադրամն է, որ գտնուած է Հայաստանի տարածքէն եւ կը թուագրուի ՔԱ 4-րդ դարու վերջէն»,- ըսած է Գ. Մուղալեան եւ աւելցուցած, որ անիկա Արցախի եւ Հայաստանի տարածքին իր տեսակով եզակի է:

Թանգարանի բացման ներկայ եղած են նաեւ Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութիւններու պետական եւ ռազմական բարձրաստիճան այրեր ու հիւրեր: