Շուշիի մէջ քանդակագործութեան 6-րդ միջազգային կոչունքը պիտի կազմակերպուի

ԱՀ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, Յուլիս 1-20, Շուշիի կերպարուեստի պետական թանգարանի քանդակի պուրակին մէջ, պիտի իրականացուի շուշեցի քանդակագործ Յակոբ Գիւրջեանի անուան քանդակագործութեան 6-րդ միջազգային կոչունքը (symposium):

Շուշիի կերպարուեստի պետական թանգարանի տնօրէն Լուսինէ Գասպարեան, Artsakhpress.am-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է, որ կոչունքին կրնան մասնակցիլ քանդակագործներ աշխարհի տարբեր երկիրներէ:

«Կոչունքի առանցքային մասը քանդակագործական ստեղծագործարանն է, որուն ծիրէն ներս, մասնակից քանդակագործներէն իւրաքանչիւրը պիտի կերտէ «Պայքար» թեմայով իր քանդակը: Ստեղծագործարանին մէջ կերտուած քանդակները պիտի մնան Շուշիի մէջ եւ պիտի տեղադրուին քաղաքի տարբեր վայրերու մէջ: Կոչունքին նպատակն է նպաստել կերպարուեստի ժանրերէն մէկուն` քանդակագործութեան զարգացման Արցախի մէջ, միջազգային համագործակցութեան խթանման կերպարուեստի բնագաւառին մէջ, հայ եւ օտար արուեստագէտներու համար ստեղծել մշակութային եւ մասնագիտական շփման հարթակ, նպաստել նաեւ Շուշիի երբեմնի մշակութային դիմագիծի վերականգման՝ յաւէրժացնելով շուշեցի մեծանուն քանդակագործ Յակոբ Գիւրջեանի անունը»,- մասնաւորապէս նշած է Լ. Գասպարեանը:

Ի դէպ, դիմումներու վերջնաժամկէտը Մայիս 30-ն է, եւ կոչունքին մասնակցիլ ցանկացողները կրնան լրացնել առցանց դիմում-յայտ՝ ուղարկելով զայն կոչունքի դիմատետրի կայքէջին:

Նշենք, որ ձեռնարկը կազմակերպելու համար ստեղծուած է գեղարուեստական խորհուրդ, որուն կողմէ, ըստ ուղարկուած տուեալներու, պիտի ընտրուին մասնակից քանդակագործները, որոնք ալ պիտի տեղեկացուին նախօրօք:

Լրացուցիչ տեղեկութիւններու եւ դիմում յայտը բեռնելու համար ցանկացողները կրնան  այցելել https://www.facebook.com/pages/Hakob-Gyurjyan-International-Sculpture-Symposium/876914259028044  յղումով :