Քաղաքակրթութեան բնօրրան համարուող Անին դարերու ընթացքին տարբեր տոհմերու սերնդափոխութիւն տեսած է: Անին տեսնելու ցանկութիւն ունեցողներու թիւը աւելի ու աւելի կը մեծնայ յատկապէս անկէ ետք, երբ անիկա ներառուեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ–ի համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ:
Հայ-թրքական սահմանին` Կարսի (Արեւմտեան Հայաստան, այժմ Թուրքոյ տարածք – խմբ.) մէջ գտնուող Անին 961-1045 թուականներուն կառավարած են Բագրատունիները, կը գրէ Dailysabah թրքական պարբերականը:
«Հնագոյն քաղաքը, ուր XI-XII դարերուն նաեւ իսլամական յուշարձաններ յայտնուած են, 2016 թուականին ներառուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ», – «ՍփութնիքԱրմենիա»-ի փոխացմամբ՝ գրուած է յօդուածին մէջ:
Կարսի թանգարանի տնօրէն Նեճմեթին Ալփը պատմած է, որ քաղաքը աւելի յայտնի դարձած է պատուաւոր ցանկին մէջ ընդգրկուելէն ետք:
Պարբերականը ներկայացուցած է նաեւ քաղաքի գեղեցկութեամբ հիացած զբօսաշրջիկներու մեկնաբանութիւնները:
Անին յայտնի է որպէս «հազար ու մի եկեղեցիներու քաղաք»: Միջնադարուն այստեղէն կ՛անցնէին բազմաթիւ առեւտրական ճանապարհներ: Քաղաքին մէջ կային բազմաթիւ պալատներ ու հասարակական կառոյցներ: 961-էն 1045 թուականներուն Անիի թագաւորութեան մայրաքաղաքն էր, որու սահմանները կ՛ընդգրկէին ժամանակակից Հայաստանի զգալի մասն ու Թուրքիոյ արեւելքը:
Անի քաղաքի հարաւային եզրին կանգնած է վեհաշուք Մայր տաճարը` Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին: Անիկա կը համարուի Անիի եկեղեցիներու թագուհին, իսկ որոշ մասնագէտներ զայն համարած են Կովկասի ճարտարապետութեան զարդը: Կառուցուած է 989-1001 թուականներուն, Տրդատ ճարտարապետի նախագիծով: Այսօր պահպանուած են բացառիկ շինութեան աւերակները: