Ուրֆայի պատմական հայկական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին աւերման եզրին է

Այժմեան Թուրքիոյ Շանլըուրֆա (Ուրֆա) նահանգի Գերմուշ գիւղին մէջ գտնուող հայկական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին ոչնչացման եզրին է: Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ Թուրքիոյ Մարդասիրական օգնութեան միութեան ներկայացուցիչ Հատիճէ Թաքուշի խօսքով` եկեղեցւոյ մշտական հիւրերը այսօր միայն գանձախոյզներն են:

«Եթէ այցելէք Գերմուշի եկեղեցի, ներսը եւ դուրսը պիտի տեսնէք բազմաթիւ մեծ ու փոքր անցքեր: Անցքեր, որոնք կը փորուին մէկը միւսին ետեւէն` առանց նախորդները փակելու: Ճակատագրի քմահաճոյքին յանձնուած, լքուած այս եկեղեցւոյ ճակատագիրը, ցաւօք, միայն այս փոսերը կ՝որոշեն: Եկեղեցին օրէ օր կ՝աւերուի»,- պատմած է Թաքուշը:

Անոր վկայութեամբ` Գերմուշը նախապէս հայաբնակ գիւղ եղած է: «Յայտնի է, որ այստեղ նախապէս ապրած է շուրջ 700 հայ ընտանիք: Հայկական եկեղեցւոյ մէջ արձանագրութիւններ չկան, ուստի կառուցման տարեթիւը յստակ չենք գիտեր: Սակայն կ՝ենթադրուի, որ անիկա 19-րդ դարու կառոյց է»,- աւելցուցած է միութեան ներկայացուցիչը:

Շանլըուրֆայի մէջ բնակող այլ վկայ մըն ալ , որուն անունը աղբիւրը չի հրապարակեր, մանրամասնած է, որ եկեղեցին կառուցուած է 19-րդ դարուն` 7 եղբայրներու կողմէ: «Մինչեւ 2015 կառոյցը օգտագործուած է իբրեւ անասնագոմ: Ատիկա դժգոհութիւններ առաջացուց, որմէ ետք այստեղ այլեւս կենդանիներ չբերին: Թուրքիոյ պաշտօնաթերթի 2011 Հոկտեմբեր 23-ի թիւ 28093 թիւին մէջ հրապարակուեցաւ որոշում մը, ըստ որուն Մշակոյթի նախարարութիւնը եկեղեցին պիտի վերածէր զբօսաշրջութեան զարգացման կեդրոնի: Տարածքին մէջ ցուցանակ տեղադրուեցաւ, բայց համապատասխան պաշտօնեաները մինչ օրս այս պատմական եկեղեցւոյ եւ շրջակայքի պահպանման ու վերականգնման համար որեւէ աշխատանք չեն սկսած»,- պատմած է քաղաքացին:

Ան աւելցուցած է, որ Գերմուշ գիւղին մէջ նախապէս եւս եղած է եկեղեցի մը, սակայն լքուած ու անխնամ կառոյցը աստիճանաբար աւերուած է, եւ այսօր անոր տեղը միայն քարերու կոյտ մնացած է: Շանլըուրֆայի քաղաքացին կոչ ըրած է իշխանութիւններուն` ոչ թէ միայն խօսքով, այլ իրապէս պաշտպանութեան տակ առնելու պատմական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, վերանորոգելու զայն եւ վերաբանալու` իբրեւ քրիստոնէական ուխտատեղի: