Ռուսական Եարոսլաւլ քաղաքին մէջ մեկնարկած են «Սուսերով պարը» գեղարուեստական ֆիլմի նկարահանումները, որ պիտի ըլլայ առաջին երկար շարժանկարը խորհրդային շրջանի մեծագոյն երաժշտահան Արամ Խաչատրեանի մասին:
«Ֆիլմի նկարահանումներու առաջին շրջանը կ՝անցնի Եարոսլաւլի մէջ, ուր կը նկարահանուին Արամ Խաչատրեանի հանդիպումները խորհրդային շրջանի յայտնի ջութակահար Դաւիթ Օյսդրախի եւ յայտնի երաժշտահան Տմիթրի Շոսդաքովիչի հետ»,- ըսած է շարժանկարի արտադրող Տիգրան Մանասեանը։ Այս մասին, ըստ PanArmenian.net-ի՝ կը յայտնէ rusarminfo-ն:
Եարոսլաւլէն ետք, 2018-ի Ապրիլին, նկարահանող խումբը պիտի մեկնի Հայաստան` նկարահանումները շարունակելու Երեւանի, Դիլիջանի եւ Խոր Վիրապի մէջ:
Ֆիլմին գործողութիւնները կը վերաբերին յատկապէս 1942-ին, երբ Գիրովի անուան (Մարիինեան) թատրոնը տարհանուեցաւ Ուրալ, ուր Արամ Խաչատրեանը աւարտին հասցուց «Գայիանէ» պալէն: Գործողութիւնները կը ծաւալին նաեւ Հայաստանի մէջ, ուր 1939-ին երաժշտահանը գրած է «Երջանկութիւն» պալէն:
«Սուրերով պար»-ի բեմադրիչն է խորհրդային շրջանէն յայտնի Եուսուբ Ռազիքովը: Շարժանկարի արտադրողն է Ռուբէն Տիշտիշեանի «Մարս Մետիա» ռուսաստանեան ընկերութիւնը, իսկ հայկական կողմէն արտադրողն է Կարէն Ղազարեանը:
Կը ծրագրուի, որ Արամ Խաչատրեանին նուիրուած առաջին գեղարուեստական ֆիլմը մեծ պաստառ բարձրանայ 2018-ի վերջը կամ 2019-ի սկիզբը: Ֆիլմի ստեղծման նիւթապէս կ՝աջակցին ՀՀ ու ՌԴ մշակոյթի նախարարութիւնները:
Խաչատրեանը 20-րդ դարու ամենաճանչցուած հայ երաժշտահանն էր, ինչպէս նաեւ հայկական առաջին պալէի, սիմֆոնիայի, քոնսերթի եւ ֆիլմի երաժշտութեան հեղինակը: Հետեւելով ռուսական երաժշտութեան աւանդոյթներուն` ան իր ստեղծագործութիւններուն մէջ օգտագործած է հայկական եւ կովկասեան, արեւելեան եւ արեւմտեան Եւրոպայի, Մերձաւոր Արեւելքի ժողովուրդի ազգային երաժշտութիւնը: