Սերժ Թանքեան սկսած է նաեւ զարդեղէն արտադրելու

«System of a Down» աշխարհահռչակ խումբի մենակատար Սերժ Թանքեան հանրութեան ներկայացուցած է իր նոր նախաձեռնութիւնը՝ զարդեղէններու արտադրութիւն:

Երգիչը «Ինսթըկրամ»ի իր էջին վրայ ներկայացուցած է իր կողմէ նախագծուած զարդին՝ «ամենատես աչք»-ին լուսանկարը:

«11 տարեկանէս սկսեալ, ոսկերչական մարզին մէջ օգնած եմ հօրեղբօրս: Համալսարան աւարտելէ ետք երկար տարիներ աշխատած եմ իրեն հետ եւ անկէ շատ բաներ սորված եմ՝ առեւտուրի, գործարարութեան եւ կեանքի մասին: Ինծի համար մեծ պատիւ է մշակել իմ սեփական ոսկերչական շարքը»,- գրած է Թանքեան։