Սեւասթոփոլի մէջ կայացած է «Յաղթած ենք միասին» վաւերագրական ֆիլմերու ու հեռուստահաղորդումներու14-րդ միջազգային փառատօնի փակման արարողութեան՝ որպէս
«Լաւագոյն լիամետրաժ ֆիլմ» ճանչցուած է կինովաւերագրող Արմէն Խաչատրեանի «Վերջին ցանկութիւն»-ը (Հայաստան):
Ինչպէս կը նշէ rusarminfo.ru-ն, ֆիլմը կը պատմէ Սուրիայէն քաղաքացիական պատերազմի պատճառով Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերու մասին, անոնց հոգեբանական վիճակի, այնտեղ մնացած հարազատներու ու աւերուած տուներու հանդէպ կարօտի, ինչպէս նաեւ նոր վայրի մէջ նոր կեանք սկսելու փորձերու մասին:
«Վերջին ցանկութիւն»-ը վաւերագրական ֆիլմը խոստովանութիւն է, որ մասնաւորապէս կը պատմէ պատերազմէն փախած եւ Հայաստան հանգրուանած երկու սուրիահայերու ճակատագրի մասին, որոնք կը գտնուին ծանր նիւթական եւ հոգեբանական վիճակի մէջ:
Անոնք ձգած են այնտեղ իրենց ընտանիքներու անդամները, հարազատները, բարեկամները, ընկերները:
Կը նշուի, որ այս տարի փառատօնին ներկայացուած է աւելի քան 100 վաւերագրական ֆիլմ ու դիպաշար աշխարհի 30 երկիրներէ` ինչպէս Մեծ Բրիտանիայէն, Միացեալ Ահանգներէն ու Գերմանիայէն: Մրցութային ծրագիրէն բացի` փառատօնին ներկայացուած է նաեւ արտամրցութային մեծ ծրագիր, որ ներառած է ֆիլմերու ցուցադրութիւն, ստեղծագործական երեկոներ, այլ ձեռնարկներ: