Ստեփանակերտի մէջ կազմակերպուած է ցուցահանդէս` նուիրուած Արցախեան շարժման 30-ամեակին

Արցախի նկարիչներու միութեան նախաձեռնութեամբ Փետրուար 15-ին, Ստեփանակերտի պատկերասրահին մէջ կազմակերպուած է ցուցահանդէս` նուիրուած Արցախեան շարժման 30-ամեակին:

Ցուցահանդէսին  ներկայացուած էր Արցախի երիտասարդ նկարիչներու տարբեր ժանրերու աւելի քան 40 աշխատանք:

Ըստ «Արցախփրես»-ի՝  ցուցահանդէսին բացման խօսքով հանդէս եկած է Արցախի նկարիչներու միութեան նախագահ Յովիկ Գասպարեան`նշելով, որ այս ցուցահանդէսով, փաստօրէն, տրուեցաւ երիտասարդ նկարիչներու  միութեան գործունէութեան մեկնարկը:

«Մենք` աւագ սերունդի նկարիչներս, կ՛ուզենք խրախուսել երիտասարդ ստեղծագործողները, որ անոնք կարենան կայանալ արուեստի աշխարհին մէջ: Մենք մեծ յոյսեր կը կապենք Արցախի երիտասարդ նկարիչներու միութեան հետ: Չէ՞ որ երկիրը հզօր է նաեւ իր ազգային իւրօրինակ արուեստով, իսկ ատոր կրողը պիտի ըլլան Արցախի տաղանդաշատ հայ նկարիչները»,- մասնաւորապէս ըսած է Հ. Գասպարեան:

Ցուցահանդէսին  ներկայ էին Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, նկարիչներ եւ այլք: