Վանայ լիճին յատակը ուրարտական ամրոց կը յայտնաբերուի

«ՍՓՈՒԹՆԻՔ ԱՐՄԷՆԻԱ».-Հայկական հին լեռնաշխարհի մարգարիտին` Վանայ լիճին յատակը վերջերս յայտնաբերուած էր ամրոց մը, որ ամենայն հաւանականութեամբ կը պատկանի ուրարտական ժամանակաշրջանին: Պատմական ամրոցը ունի մօտաւորապէս 3000 տարուան պատմութիւն:

6000 տարուան պատմութիւն ունեցող Վանայ լիճին մակարդակը պատմական որոշ ժամանակաշրջանի մը բաւական իջած է, եւ մարդիկ հոն կառուցած են զանազան շինութիւններ: Աւելի ուշ, երբ ջուրին մակարդակը դարձեալ բարձրացած է, բնակչութիւնը ետ քաշուած է, իսկ անոնց թողած քաղաքակրթութեան հետքերը մնացած են ջուրի տակ:

Նկատի ունենալով, որ Վանայ լիճին ջուրը աղի է, ամրոցին պատերը հիանալի կերպով պահպանուած են` առանց մեծապէս վնասուելու:

Ուրարտու կամ Վանի թագաւորութիւնը Հայկական Լեռնաշխարհի թագաւորութիւնն էր Ն. Ք.

9-6 դարերուն: