Հնագէտներ Վանի Տուշպա թաղամասին մէջ հնագիտական պեղումներու ընթացքին յայտնաբերած են ուրարտական ժամանակաշրջանի պազալտէ քարէ արձան, որ ունի շուրջ մէկ թոն ծանրութիւն։ Այս մասին յայտնած է Arkeonews-ը: Հնագէտներուն համաձայն, գտածոն յիշատակի եռաչափ արձան է, որ նախապէս երբեք չէ տեսնուած։ Տպաւորիչ չափերով եւ վարպետօրէն քանդակուած պազալտէ արձանին մասին տեղեկութիւնները, գիտնականներուն խօսքով, կը յստականան մանրամասն ուսումնասիրելէ վերջ: Արձանը կը նմանի փորագրուած հիմքով, ոճաւորուած գլուխով, քառակուսի մարմինով եւ դէմքի աննկատելի դիմագիծերով կերպարի։