Վանի 400-ամեայ հայկական եկեղեցին անհետանալու վտանգին առջեւ

Գանձախոյզներու կողմէ կողոպուտի ենթարկուող Վանի Մուրատիէ գաւառին մէջ գտնուող պատմական Սուրբ Ստեփանոս հայկական եկեղեցւոյ պատերը քանդուած են, իսկ ներքին մասը մեծ խորութեամբ փոսեր բացուած են, կը հաղորդէ “Ակունք”-ը:

Հայոց Ցեղասպանութենէն առաջ հայ համայնքին ծառայած այս եկեղեցին նաեւ նշանաւոր ուխտավայր եղած է: Եկեղեցին, հակառակ դիմագրաւած կողոպուտներուն, տակաւին կանգուն կը մնայ՝ կը հաղորդէ «Մեզոփոթեմիա» լրատուական գործակալութիւնը:

Նոյն աղբիւրին համաձայն՝ հայկական միջնադարեան ճարտարապետութեան աննման նմոյշներէն մէկը հանդիսացող սոյն եկեղեցւոյ մօտակայքը գտնուող գերեզմանատան քարերը եւս քանդուած են գանձ որոնողներու կողմէ, իսկ եկեղեցւոյ այն հատուածները, որոնք ցարդ տոկուն են, վերջնականապէս քանդուելու սպառնալիքի տակ են:

Ժամանակին եկեղեցւոյ մօտերը ապրած Էպուպեքիր Չիֆթճին կը յայտնէ, որ մինչեւ 1970 թուական կառոյցը լիովին կանգուն եղած է՝ աւելցնելով. «Եկեղեցւոյ շրջակայքը եւ դռները կանգուն մնացած էին: Աչքովս տեսած եմ քահանաներուն այն մենախուցերը, որոնք այն ատեն տակաւին չէին քանդուած: Մեր մարդիկը այս հարցով խիստ անզգայ են: Շատեր այս կառոյցը պեղած են՝ գանձ գտնելու յոյսով: Նման դէպքեր իսկապէս շատ ցաւալի են. գանձախոյզները շատ վատ վիճակի հասցուցած են եկեղեցին: Կը փափաքինք, որ պետութիւնը եկեղեցին վերականգնէ»:

Չիֆթճի նաեւ կը նշէ, թէ հակառակ անոր կրած ծանր վնասներուն, եկեղեցին կը շարունակէ գրաւել տեղացի եւ օտար զբօսաշրջիկներու ուշադրութիւնը: