Տիգրան Մանսուրեան դարձած է «Համագործակցութեան աստղ»ի դափնեկիր

Երգահան Տիգրան Մանսուրեան ԱՊՀ երկիրներու մշակոյթի, գիտութեան եւ կրթութեան այլ գործիչներուն մէջ դարձած Է «Համագործակցութեան աստղ»ի դափնեկիր:

Պարգեւներու յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւնը Դեկտեմբեր 11-ին կայացած Է ԱՊՀ-ի մասնակից պետութիւններու ստեղծագործական ու գիտական մտաւորականութեան` Մոսկուայի մէջ ընթացող համաժողովի ընթացքին:

«Համագործակցութեան աստղ» մրցանակը 2009 թուականէն աւանդաբար կը շնորհուի արուեստի, գիտութեան եւ կրթութեան բնագաւառի մէջ նշանակալի ձեռքբերումներու համար: Անոր հիմնադիրներն են` Մարդասիրական համագործակցութեան խորհուրդը եւ ԱՊՀ-ի մասնակից պետութիւններու մարդասիրական համագործակցութեան միջպետական հիմնադրամը: Պարգեւի դրամական մասը կը կազմԷ 2 միլիոն ռուբլի: