Ֆրանսախօս երկիրներու ներկայացուցիչներու երեւանեան հաւաքին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներուն մասնակցելու համար, Հոկտեմբերին Հայաստան կը սպասէ հինգ հազար այցելու: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի՝ Երեւանի մէջ «Ալեքսանդր» հիւրանոցային համալիրին բացման ժամանակ, լրագրողներուն հետ զրոյցին ընթացքին, նշեց Զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի նախագահ Զարմինէ Զէյթունցեան:
«Այսօր հիւրանոցային համարները ցուցակագրուած են, հաշուի առած ենք նաեւ Ծաղկաձորն ու Աղուերանը: Մենք պատրաստ ենք ընդունելու հիւրերը: Մեր դերը, իբրեւ Զբօսաշրջութեան կոմիտէ, Հայաստանի մէջ գտնուելու ժամանակ անոնց ժամանցը ապահովելն է: Շատ հետաքրքրական ծրագիր կազմած ենք, օրը երկու անգամ՝ առաւօտեան եւ երեկոյեան Հանրապետութեան հրապարակէն հանրակառքերը պիտի շարժին քանի մը ուղղութեամբ»,- յայտնած է Զէյթունցեան:
Ան նշեց, որ վերջին տասը տարիներուն ընթացքին, զբօսաշրջային այցելութիւններուն թիւը գրեթէ եռապատկուած է: Այսօր Հայաստանի մէջ կը գործէ 540-է աւելի հիւրանոց, որոնցմէ մօտ 40 տոկոսը մայրաքաղաքին մէջ:
««Ալեքսանդր» հիւրանոցային համալիրին բացումով նոր ծառայութիւններ կ’առաջարկուին: Երեւանի մէջ իր ներկայութիւնը կ՛ունենայ բարձր դասի հիւրանոց մը, որ զբօսաշրջութեան համար բաւական կարեւոր է: Այսպիսի հիւրանոցի պահանջարկ այսօր Հայաստանի մէջ կայ: Ինչպէս գիտենք, մենք աշխոյժ աշխատանք կը տանինք նոր շուկաներ մուտք գործելու համար, պիտի թիրախաւորենք արաբական երկիրները, ուրկէ եկող այցելուներուն համար հիւրանոցային պայմանները շատ կարեւոր են»,- ըսած է Զէյթունցեան:
Հանդիսանալով «Մարիոթ ինթերնէյշընըլ» ընկերութեան պատկանող «Տը լաքժըրի քոլլեքշըն» աշխարհահռչակ ցանցի անդամ՝ «Ալեքսանդր» հիւրանոցը կառուցուած է համաշխարհային չափանիշներուն համապատասխան՝ բարձրորակ շինարարական նիւթերով եւ կահաւորումով: Հիւրանոցային համալիրի կառուցման նպատակով կատարուած ընդհանուր ներդրումները կազմած են շուրջ 53,9 միլիոն տոլար: Հիւրանոցը կրնայ միաժամանակ ընդունիլ մինչեւ 230 այցելու: Համալիրին մէջ, 280 հազար դրամ միջին աշխատավարձով պիտի աշխատի 144 հոգի: