12 Սուրիահայ Կանանց Պատմութիւնները` 12 Կտաւի Վրայ

«Դալան» ցուցասրահին մէջ Դեկտեմբեր 12-ին բացուեցաւ «12 պատմութիւն» ցուցահանդէսը: Անիկա կը ներկայացնէ Հայաստան ապրող 12 սուրիահայ կանանց կեանքի պատմութիւնը` ուղեկցուած բռնութիւններով ու սարսափներով:

Այդ պատմութիւնները թէեւ մոռցուած չեն, բայց սուրիահայ կանայք կ՛աշխատին չյիշել ու չխօսիլ ատոնց մասին: Ու այդ պատճառով բազմաթիւ կիներէն միայն 12-ը համաձայնած են երիտասարդ նկարիչներու հետ կիսուիլ իրենց պատմութիւններով:

«Սուրիահայ կանայք շատ խնդիրներ ունին` տնտեսական, համարկումի, եւ ատոնց մէջ բռնութեան խնդիրը կ՛անտեսուի: Ատոնք հիմնականօրէն ֆիզիկական բռնութեան դէպքեր են, որոնք պատահած են պատերազմական իրավիճակներու մէջ` Սուրիոյ մէջ, Սուրիայէն Հայաստան կամ մէկ այլ երկիր մեկնելու ճանապարհին»,-կ՛ըսուի World Vision Հայաստան կազմակերպութեան երիտասարդական ծրագիրներու ղեկավար Լիաննա Սարգսեան:

Հայաստանի մէջ Միացեակ Նահանգներու դեսպանատունը, World Vision եւ «Առաքելութիւն Հայաստան» կազմակերպութիւնները յոյս ունին, որ համատեղ ջանքերով կազմակերպուած ցուցահանդէսը պիտի օգնէ բարձրաձայնելու սուրիահայ կանանց խնդիրներու մասին եւ աջակցելու անոնց:

Անժելա Աճեմեան իր 3 երեխաներուն հետ Հալէպէն Հայաստան տեղափոխուած է 2014-ին` ամուսինին առեւանգումէն ու սպանութենէն ետք: Անժելան ցուցահանդէսին առաջին անգամ կը տեսնէր իր կեանքի սարսափելի դրուագները` վերարտադրուած կտաւի վրայ:

«Նկարին մէջ ես զիս կը տեսնեմ` քաջ ու հպարտ կանգնած: Կը պատկերացնեմ, որ կապոյտը իմ ընտանիքս է, անցեալս, կարմիրը, վստահ եմ, արիւնն է, կանաչն ալ` ապագաս»:

Երիտասարդ նկարիչ Սիւզաննա Գրիգորեան զարմացած կը հետեւի Անժելայի մեկնաբանութեան: Կ՛ըսէ` մինչեւ հիմա Անժելային հետ նկարի մասին չէ խօսած, բայց ան ամէն ինչ կը տեսնէ այնպէս, ինչպէս ինք պատկերած է:

«Շատ ծանր տարած եմ Անժէլայի պատմութիւնը, օրեր շարունակ ականջներուս մէջ կը հնչէր: Նոյնիսկ ցաւ կ՛ապրէի, որ ան եւս մէկ անգամ ստիպուած էր վերապատմելու: Շատ դժուար է այդքան ուժող բնաւորութիւն ունենալ, որ հոգն ու ցաւը իր մէջ` այսպէս հանգիստ ներկայացնէ, ցոյց տայ, որ ամէն ինչ կարգին է»:

Ցուցահանդէսը պիտի գործէ մինչեւ Դեկտեմբեր 16: Յետոյ ան պիտի ներկայացուի հասարակական վայրերու մէջ: Նկարները կը վաճառուին` հասոյթը պիտի տրամադրուի նկարչին ու անոր հերոսուհիին:

 

Լուսինէ Ղարիբեան
Լուսանկարները` Էմին Արիստակեսեանի

 

Սիւզաննա Գրիգորեանը եւ Անժելա Աճէմեանը

 Լուսանկարը` Մեդիամաքս