Արցախի Մարտակերտի շրջանի Նոր Կարմիրաւան գիւղի տարածքին վրայ մեկնարկած են 2018 թուականի պեղումները:
Ըստ Armenpress.am-ի՝ ԳԱԱ հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ուսումնարանի Արցախի հնագիտութեան խումբի անդամ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Նժդեհ Երանեան նշած է, որ այս տարուան Նոր Կարմիրաւանի պեղումները 2016 թուականի հետախուզական պեղումներու շարունակութիւնն են: «Այս կոթողները յայտնաբերուած են 2016 թուականին, որմէ ետք տեղւոյն վրայ սկսած են հետախուզական պեղումներ, պարզելու` արդեօք կոթողները կը գտնո՞ւին իրենց կանգնեցման նախնական վայրը, թէ՝ ոչ»,- ըսած է ան:
Նժդեհ Երանեանի խօսքով` մարդակերպ կոթողներու գիտական հետազօտութիւնը Արցախի Տիգրանակերտի եւ շրջակայքի ուսումնասիրութեան մաս կը կազմէ: Արցախի մէջ ներկայիս յայտնի են շուրջ երեք տասնեակ նմանատիպ մարդակերպ կոթողներ: Վերջինները, սակայն, կը գտնուին տեղաշարժած վիճակի մէջ: «Նոր Կարմիրաւանի մարդակերպ կոթողներուն հետազօտութիւնը, անոնց հնագիտական միջավայրի վաւերացումը կը պատասխանեն այս կոթողներուն վերաբերեալ շարք մը կարեւոր հարցերու: Կոթողներուն ուսումնասիրութիւնը կարեւոր է ինչպէս Արցախի եւ Ուտիքի, այնպէս եւ Կովկասի եւ ողջ Առաջաւոր Ասիոյ ՔԱ. 1-ին հազարամեակի պատմութեան եւ մշակոյթին համար: Հետեւաբար, անոնց ուսումնասիրութիւնը եւ ներկայացումը Արցախի վրայ կը գրաւէ տարածաշրջանով հետաքրքրուող այլ մասնագէտներու եւ լայն շրջանակներու հետաքրքրութիւնը եւս»,- աւելցուցած է ան:
Նոր Կարմիրաւանի մէջ պեղումները պիտի շարունակուին մինչեւ Ապրիլի վերջ: