Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսած է Գրիգոր Զոհրապի ստեղծագործութիւնը

Թուրքիոյ մէջ «Արաս» հրատարակչատունը թրքերէնով հրատարակած է հայ գրականութեան յայտնի դէմքերէն Գրիգոր Զոհրապի «Կեանքը ինչպէս որ է» ժողովածուն, կը յայտնէ «Նիուզ»-ը:

«Արաս» հրատարակչութեան կայքը կը տեղեկացնէ, որ Գրիգոր Զոհրապ ծնած է Պոլսոյ Պեշիկթաշ թաղամասին մէջ, 1861-ին, իսկ յիշեալ ժողովածուն ներկայացուցած է ընթերցողին 1911-ին:

Գրիգոր Զոհրապ իր ժամանակին ստացած էր լաւագոյն կրթութիւն, հանդիսացած է բաւական լաւ իրաւաբան, գրող եւ քաղաքական գործիչ:  Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ երիտթուրքերու յեղաշրջումէն ետք ան պատգամաւոր դարձած է, սակայն ատիկա չօգնեց անոր Ցեղասպանութեան օրերուն: Ան, 225 պոլսահայ մտաւորականներու հետ շարքին էր, որոնք 1915-ի Ապրիլ 24-ին ուղարկուեցան մահուան ճամբորդութեան: