Լոյս տեսած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին Թաներ Աքչամի անգլերէն գիրքը

Թուրք պատմաբան Թաներ Աքչամ յայտնած է անգլերէնով լոյս տեսած նոր` «Սպանութեան հրամանները. Թալէաթ փաշայի հեռագիրներն ու Հայոց Ցեղասպանութիւնը» գիրքին մասին: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

«Գիրքը արդէն պաշտօնապէս լոյս տեսած է: Ես այժմ ունիմ իմ օրինակները: Ասիկա հիասքանչ զգացողութիւն է»,- գրած է հեղինակը: Ան յայտնած է, որ գիրքը կը ներառէ երկու գլուխ, որոնք չկան նախապէս թրքերէն հրատարակուած «Նայիմ էֆենտիի յուշագրութիւնները եւ Թալէաթ Փաշայի հեռագիրները» գիրքին մէջ:

Ան յայտնած է, որ գիրքին անգլերէն տարբերակին մէջ ո՛չ միայն կը ներկայացնէ նոր փաստաթուղթեր, այլեւ կը քննարկէ «կեղծ ստորագրութիւններ»-ու եւ «կեղծ ժամանակագրութեան» հարցը: «Մեծ ցանկութիւն ունիմ այս նոր փաստերը ներկայացնելու թուրք ընթերցողներուն»,- նախապէս, գիրքի հրապարակման մասին խօսելու ընթացքին, ըսած էր Աքչամը:

Թրքերէնով 2016-ին հրատարակուած «Նայիմ էֆենտիի յուշագրութիւնները եւ Թալէաթ Փաշայի հեռագիրները» աշխատանքին մէջ ներառուած Թալէաթ փաշայի հեռագիրներով բացէիբաց կ՝երեւին հայերը կոտորելու հրամանները: Օրինակ` 1915 Սեպտեմբեր 22-ի հեռագիրներէն մէկուն մէջ Թալէաթ Փաշան այսպիսի հրաման տուած է․ «Հայերը Թուրքիոյ տարածքին ապրելու, աշխատելու իրաւունքներէն ամբողջութեամբ զրկուած են, պետութիւնը՝ իր վրայ վերցնելով ամբողջ պատասխանատւութիւնը՝ կը հրամայէ ողջ չձգել անգամ օրօրոցի մանուկները»։