Թուրքիոյ մէջ ծնած ու մեծցած գանատաբնակ երաժշտական արտադրող, երգահան Մաժակ Թոշիկեան (Թուրքիոյ մէջ յայտնի` Չենք Թաչքան անունով) երեք տասնեակ հայկական երգերու հեղինակ է, որոնցմէ առաջինը գրուած է Յովհաննէս Շիրազի «Նամակ» բանաստեղծութեան հիման վրայ, եւ զայն հնչեցուցած է ճանչցուած երգչուհի Սիպիլը: Հայրենիքէն հեռու բնակող մեր տաղանդաւոր հայրենակիցը իր իսկ խոստովանութեամբ ` մինչեւ Հայրենիք այցելելն իր կարօտը Հայաստանէն այդ երգերով առած է…
Մաժակ Թոշիկեան այսօր ալ կ’ապրի Հայրենիքէն հեռու, սակայն այն այլեւս երազ չէ տաղանդաւոր երաժիշտին համար, այլ` իրական հեքիաթ մը, որուն գոյներէն ու արեւի ջերմութենէն, պատմութեան հերոսական էջերէն ծնունդ կ’առնեն նոր գործեր. Ատոնցմէ մէկն ալ վերջերս գրած Գէորգ Էմինի «Սասունցիներու պարը» ստեղծագործութեան համար գրուած երաժշտութիւնն է:
«Այս ծրագիրը քանի մը տարի առաջ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեանը ինծի առաջարկած էր: Սկսայ աշխատելու, եւ գրեթէ մէկ տարի անց ստեղծագործութիւնն արդէն պատրաստ էր:
Յիսնամեայ իմ փորձառութեամբ, մանրակրկիտ աշխատանքով` ձեռնարկեցի այս մեծ ծրագիրը: Այսքան տարի ոչ մէկը փորձ ըրած էր այս շատ տպաւորիչ գործը երաժշտութեան վերածելու, ուրախ եմ, որ այդ բախտը ինծի վիճակուեցաւ: Այժմ իմ ամենակարեւոր երազանքս է` «Սասունցիներու պարը» արժանավայել ներկայացնել Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ»,- «Հայերն այսօրի»-ի հետ զրոյցին ըսած է Մաժակ Թոշիկեան:
Ստեղծագործութիւնը գրուած է Epic-Cinematic Sound ժանրին մէջ, որ ինչպէս նշեց Մաժակ Թոշիկեան, ընդունելի է ո՛չ միայն հայերուն կողմէ, այլեւ շատ գործածելի է աշխարհի մէջ:
«Նուագախումբի, երգչախումբի, աւանդական նուագարաններու կատարողներու եւ մեներգիչներու բաժինները` որպէս playback, պէտք է ներառուին ստեղծագործութեան մէջ: Հասկնալի է, որ եթէ քառասունէ աւելի պարախումբ, ութսունէ աւելի երգչախումբ-նուագախումբ մէկտեղուին մէկ բեմի վրայ` խճողումը անխուսափելի կը դառնայ, միաժամանակ այսպիսի բազմամարդ խումբէ լաւագոյն ձայնային արդիւնք ստանալը բաւականին ծախսատար կ’ըլլայ»,-նշեց Մաժակ Թոշիկեան:
Երգահանը աւելցուց, որ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, քաջատեղեակ ըլլալով ծրագիրին, առաջարկած է 2018 թուականի Սեպտեմբերին ստեղծագործութիւնը հնչեցնել Հայաստանի մէջ` նկատի առնելով, որ Սեպտեմբեր 21-ին կը նշուի Հայաստանի Անկախութեան տօնը: «Նկատի ունենալով այս հանգամանքը, այսօր արդէն կրնանք արձանագրել, որ ստեղծագործութեան առաջնախաղը պիտի կայանայ Սեպտեմբերին` Երեւանի Օփերայի եւ պալէի պետական ակադեմական թատրոնին մէջ: Յոյսով եմ, ներկայացումներու շարքը կը հասնի մինչեւ Պոլիս, Նիւ Եորք, Պոսթըն, Մոնրէալ, Թորոնթօ, Լոս Անճելըս, Փարիզ եւ այլ քաղաքներ: Այս առիթով կ’ուզեմ նաեւ իմ շնորհակալութիւնս յայտնել Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին, որ պատրաստակամութիւն յայտնեց աջակցելու նախագիծին»,-ըսաւ ստեղծագործութեան հեղինակը:
Զրոյցի աւարտին Մաժակ Թոշիկեան աւելցուց, որ «Սասունցիներու պարը» ստեղծագործութեան խորէոգրաֆը եւ պարախումբի ղեկավարը Արման Ջուլհակեանն է (Երեւան), նախագիծին պիտի մասնակցին «Փարոս» կամերային երգչախումբը (Երեւան, խմբավար Րաֆֆի Միքայէլեան), աւանդական նուագարաններու կատարողներ, իսկ որպէս մեներգիչ` հանդէս կու գայ Գոհար Յովհաննիսեան (Երեւան):