Նախագահ Սերժ Սարգսեան ներկայ եղած է «Հայկական ազգային երաժշտական գանձարան» ծրագիրի շնորհանդէսին

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ տիկին Ռիթա Սարգսեան, Երեքշաբթի՝ 26 Սեպտեմբեր 2017-ին երեկոյեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանին մէջ, ներկայ եղած են «Մշակութային վերածնունդ» հիմնադրամին «Հայկական ազգային երաժշտական գանձարան» ծրագիրի շնորհանդէսին: Այս մասին կը յայտնէ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատւութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը:

Ձեռնարկին ծիրէն ներս ներկայացուած են «Մշակութային վերածնունդ» հիմնադրամին կողմէ վերջին շրջանի հրատարակութիւնները` Մակար Եկմալեանի «Պատարագ»-ի ամբողջացուած վերահրատարակութիւնը` լատինատառ տառադարձութեամբ եւ հայ եկեղեցւոյ երաժշտածիսական կարեւորագոյն մատեաններէն մէկը` «Ժամագիրք»-ը, որ առաջին անգամ ըլլալով լոյս կը տեսնէ եւրոպական նոթագրութեամբ եւ տպագրութեան միջազգային չափանիշներուն համապատասխան: Երկու մատեաններն ալ հրատարակուած են երաժշտագիտական նախաբաններով, վերլուծութիւններով եւ բացատրութիւններով` հայերէն եւ անգլերէն:

«Մշակութային վերածնունդ» հիմնադրամի հիմնադիր-նախագահ Արթուր Ջանիբեկեան ներկայացուցած է «Հայկական ազգային երաժշտական գանձատուփ»-ը` շարժական նուագարկիչը, իբրեւ «Հայկական ազգային երաժշտական գանձարան» ծրագիրի խորհրդանիշ, ուր զետեղուած են հիմնադրամին կողմէ ձայնագրուած եւ թուայնացուած 500-էն աւելի ժողովրդական, հոգեւոր եւ աշուղական երաժշտական նմուշներ: Արթուր Ջանիբեկեանը «Հայկական ազգային երաժշտական գանձատուփ»-ի առաջին նմուշը ընծայած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինին:

Իրականացուած հսկայածաւալ աշխատանքը, որ եղած է Կոմիտաս Վարդապետի կեանքին երազանքը, անոր ծննդեան օրը` Սեպտեմբեր 26-ին, իբրեւ նուէր մատուցուած է մեծ Վարդապետի յիշատակին:

Երեկոյին ընթացքին ցուցադրուած է ֆիլմ` հայ աւանդական երաժշտութեան եւ «Մշակութային վերածնունդ» հիմնադրամին ծաւալած գործունէութեան մասին:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեան խօսքէն ետք՝ շնորհանդէսը աւարտած է Երեւանի պետական կամերային երգչախումբին կատարումով եւ Յարութիւն Թօփիկեանի ղեկավարութեամբ «Ժամագիրք»-էն եւ «Պատարագ»-էն հատուածներու ներկայացումով: