Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ՝ Արմէն Սարգսեան մտադրութիւն ունի վերականգնելու կամ նորովի կառուցելու փիլիսոփայ Գէորգի Կիւրճիեւի տունը Գիւմրիի մէջ:
Մայիս 5-ին վաստակաւոր ճարտարապետ Սաշուր Քալաշեանի հետ կայացած հեռախօսազրոյցի ժամանակ ՀՀ նախագահը ըսած է, որ «նախանշուած տարածքին մէջ կը նախատեսուի ստեղծել մշակութային ինքնատիպ միջավայր, ուր տիրապետող պիտի ըլլան Կիւրճիեւի ստեղծագործական ոգին, արժեհամակարգն ու անոր անտեսանելի ներկայութիւնը»: Ան ընդգրկուած պիտի ըլլայ հանգիստի ու ժամանցի ընդարձակ գօտիի մը մէջ, որուն առանցքը պիտի ըլլայ Կիւրչիեւի տունը, նշած է Սարգսեան:
Գէորգի Կիւրճիեւ փիլիսոփայ, երաժշտահան եւ պարուսոյց էր: Ան ծնած է 1866 թուականին Ալեքսանդրապոլ (Գիւմրի), մահացած է 1949-ին Ֆրանսայի մէջ: