ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ

«ԳԱՀԻՐԷԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ  ԿԵԴՐՈՆԸ»

Շնորհակալութեամբ ստացած ենք վերոնշեալ 50 էջերէ բաղկացած գրքոյկը, հեղինակին՝ Եգիպտոսի ՀԲԸՄ-եան պատուոյ ատենապետ, բազմավաստակ գործիչ ու մտաւորական Պերճ Թէրզեանի կողմէ: Սոյն գրքոյկի լոյս ընծայումը կը զուգադիպի Եգիպտոսի եւ Հայաստանի հանրապետութիւններու դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակին:

Հայագիտական կեդրոնի ծրագրի իրագործման գործընթացը սկսած է 1999-ին եւ աւարտած է 2007-ին, դիմագրաւելով եւ յաղթահարելով անհամար խոչընդոտներ եւ նախատեսուած ու չնախատեսուած դժուարութիւններ, որոնց լուծումին համար մեծ դեր կատարած են Հայաստանի Հանրապետութեան Եգիպտոսի մօտ դիւանագիտական պաշտօնատարներ, սկսելով Հայաստանի առաջին դեսպան՝ Դոկտ. էդուարդ Նալպանտեանէ, իր պաշտօնավարութեան վերջին օրերուն: Յաջորդող երեք դեսպանները՝ Դոկտ. Սերգէյ Մանասերեան, Դոկտ. Ռուբէն Կարապետեան եւ Դոկտ. Արմէն Մելքոնեան յաջողութեամբ պսակեցին հայագիտական կեդրոնի իրագործումը: Նաեւ, 2005-ին այդ օրերու Հայաստանի Վարչապետ Անդրանիկ Մարգարեան, Գահիրէ այցելութեան առիթով պատկան իշխանութիւններու հետ արծարծած էր հայագիտական կեդրոն մը հիմնելու հարցը: Իսկ այդ օրերուն համաձայնագիր մը ստորագրուած էր Երեւանի Պետական Համալսարանի հետ, որ պիտի տրամադրէր կազմակերպչական, մեթոդական եւ գիտական աջակցութիւն: Վերջապէս, ՀՀ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի Եգիպտոս պետական այցելութեան առիթով, 14 Ապրիլ 2007-ին կը կատարուէր Կեդրոնի  բացումը  բանասիրական բաժնի ծիրէն ներս, անկախ արեւելեան լեզուներու երեք բաժիններէն:

Կարելի չէ չնշել թէ Հայագիտական Ուսումնասիրութիւններու Կեդրոնի տնօրէնուհի նշանակուած էր  Դոկտ. Զէյնապ Ապու Սէննա, թրքագէտ մը, որ կու գար բանասիրականի թրքական բաժինէն: Իսկ նոյն բաժնի դասախօսական կազմը պահանջած էր որ  հայկական բանասիրական կեդրոնը չբացուէր, որովհետեւ ան կրնար «քաղաքական լարուածութիւն» յառաջացնել:

Հայերէն լեզուի դասաւանդութիւնը Արեւմտահայերէնով եւ դասական ուղղագրութեամբ կատարած են երկու բանաստեղծներ՝ Դոկտ. Վարուժան Գազանճեան եւ Տիկին Մարուշ Երամեան: Տեղի  ունեցած են հինգ հայագիտական միջազգային համաժողովներ եւ հրատարակուած են 10 գիրքեր:

2007-ին  սկսած  Կեդրոնին գործունէութիւնը 2013  Ապրիլին   «սառեցուած»  էր

համալսարանին  կողմէ: Այս  ուղղութեամբ  հարկ  եղած  հետապնդումները              կատարելով   Հայագիտական  Կեդրոնը  վերաբացուած է  Փետրուար 2015-ին

եւ  կը  շարունակէ  իր  բնականոն  գործունէութիւնը:

                                                                                                                         Յ. Ա.