Պատմական Ուրֆայի ամրոցի տարածքին մէջ, վերջերս յայտնաբերուած մեծաքանակ ժայռափոր դամբարաններու շարքին, յայտնաբերուած է նաեւ Եդեսիոյ Աբգար Ե. թագաւորի ընտանիքին դամբարանը:
«Հիւրրիյէթ» կը գրէ, որ հնագէտներու կարծիքով, յայտնաբերուած ժայռափոր դամբարանախումբը աշխարհին մէջ մեծագոյնը կրնայ ըլլալ:
45.000 քառ. մեթր տարածքի մը մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւններու շնորհիւ` մօտ 80 դամբարան վերականգնուած է:
Նոր յայտնաբերուած դամբարաններէն մէկը տեղակայուած է բլուրի ամէնէն վերի մասին մէջ եւ միւս դամբարաններէն աւելի մեծ է: Կը նշուի, որ անիկա պատկանած է Եդեսիոյ Աբգար Ե. թագաւորի ընտանիքին: Դամբարանը ունի 10 մարդու համար նախատեսուած սենեակներ: Ի դէպ, դամբարաններէն մէկուն յատակին խճանկար յայտնաբերուած է:
Նշենք, որ հայոց Աբգար թագաւորին հետ կապուած շարք մը աւանդազրոյցներ կան: Ըստ այդ աւանդազրոյցներուն, Աբգար անբուժելի հիւանդացած է եւ նամակ ուղարկած է Յիսուս Քրիստոսին` խնդրելով գալ իր քաղաքը, բժշկել զինք եւ բնակիլ հոն: Յիսուս մերժած է անոր հրաւէրը, բայց Աբգարին ուղարկած է իր անձեռակերտ պատկերը, որ Յիսուս իր դէմքին հպումով պատճէնահանուած էր դաստառակի վրայ: