Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցած «Վերածնունդ» միջազգային 10-րդ ամենամեայ մրցոյթ-փառատօնին, այս տարի Արցախէն մասնակցած է 49 երաժիշտ, որուն 32-ը գրաւած են մրցանակային տեղեր:
Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, ըսած է ԱՀ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան մշակութային ժառանգութեան եւ ժողովրդական արհեստներու բաժինի պետ Ապրես Մարգարեանը:
Ան նշած է, որ մրցանակային տեղեր գրաւածներէն 8 հոգի գրաւած է առաջին տեղ, 15-ը՝ 2-րդ, 6-ը՝ 3-րդ, 1 հոգի ալ` 4-րդ:
Իսկ Շուշիի Դանիէլ Ղազարեանի անուան հանրակրթական երաժշտական մասնագիտացած դպրոցի սաներ՝ Արեւիկ Պօղոսեանն ու Մարատ Մուսայէլեանը, (դասատու Նելլի Սարգսեան) հանդէս գալով դաշնամուրային զոյգ կատարումով արժանացած են «Գրան-պրի»-ի:
Անոր խօսքով՝ արցախցի սաները հանդէս եկած են դաշնակի, դասական, էսդրատային եւ ազգային երգեցողութեան, տուտուկի, շուիի, շեփորի, քլարինեթի, սաքսոֆոնի, ձեռնադաշնակի, քանոնի, շեփորի անուանակարգերուն մէջ:
Ա. Մարգարեան ընդգծած է, որ տարուէ տարի կ՝աւելնան, ինչպէս «Վերածնունդ» միջազգային փառատօնի արցախցի մասնակիցներուն, այնպէս ալ մրցանակային տեղեր գրաւածներուն թիւը:
«Վերածնունդ» մրցոյթ-փառատօնի յաղթողները եւ մրցանակակիրները տարուան ընթացքին համերգներով հանդէս պիտի գան Արցախի եւ Հայաստանի մէջ։
Նշենք, որ Գիւմրիի Վարդան Աճէմեանի անուան պետական դրամատիկական թատրոնին մէջ, Ապրիլ 5-ին, տեղի ունեցած «Վերածնունդ» 10-րդ միջազգային մրցոյթ-փառատօնի հանդիսաւոր բացման արարողութիւնը: Այս տարի, մրցոյթ-փառատօնը նուիրուած էր Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակին, Սպիտակի երկրաշարժի 30-ամեայ տարելիցին եւ Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի Գիւմրիի մասնաճիւղի հիմնադրման 20-ամեակին: