Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն պոլսահայ լրագրող Հրանդ Տինքի այրիին` Ռաքէլ Տինքին յանձնեց «Շիրաք» հիմնադրամի «Հակամարտութիւններու կանխարգիլման մրցանակ»ը, որուն արժանացած է «Հրանդ Տինք» հիմնադրամը:
Ինչպէս «Արմենփրես»-ը կը հաղորդէ, «Շիրաք» հիմնադրամին մէկ այլ` «Մշակոյթ յանուն խաղաղութեան» մրցանակը շնորհուած է «Զուքաք» թատերական ընկերութեան, որ թատրոնի միջոցով կը նպաստէ Լիբանանի ճամբարներու մէջ ապրող փախստականներու վերականգնողական ջանքերուն:
Մրցանակը ստանալու առիթով Ռաքէլ Տինք հանդէս եկած է ելոյթով, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ․
Ձերդ գերազանցութիւն նախագահ Մաքրոն, յարգարժան Շիրաք ընտանիք, մեծարգոյ հիւրեր,
Երբ 2007-ի՝ մեր ընտանիքի վերապրած ողբերգութենէն ետք մեր ընկերներուն հետ միասին որոշեցինք հիմնել այս հիմնադրամը, միայն մէկ մտադրութիւն ունէինք` շարունակելու Հրանդի ջանքերը այս կառոյցի միջոցով, ու մարդու իրաւունքներու համար պայքարելով փորձել լրացնել մեր կեանքին մէջ ստեղծուած մեծ դատարկութիւնը: Ցեղապաշտական մտածողութիւնը, որ զինք թիրախ եւ թշնամի դարձուց, եւ որ սպաննեց զինք, այսօր ոչ միայն կը ջանայ իշխանութիւն ձեռք բերել Թուրքիոյ մէջ, այլեւ կը տարածուի ամբողջ աշխարհի մէջ` ստեղծելով նոր «ուրիշներ» եւ «թշնամիներ», վեր խոյացնելով նոր պատեր:
Այս աշխարհը այնքան ցաւ ապրած է. արդեօ՞ք սա բաւական չէ: Այսքան արիւն եւ արցունք թափուած է, հերի՞ք չէ: Ցաւ ու տառապանք քարոզելու փոխարէն` պէտք չէ՞ արդեօք ուղիներ գտնենք ամոքելու ցաւը: Պետութիւններու նպատակը պէտք չէ ըլլայ սպաննելը, այլ կենդանի պահելը «Որովհետեւ Աստուած մեզ երկչոտութեան ոգի չտուաւ, այլ` զօրութեան, սիրոյ եւ զգաստութեան» (Աստուածաշունչ, Տիմոթէոս 2 1:7):
Որպէս հայ, ով գիտի թէ ինչ կը նշանակէ ըլլալ տեղահանուած, ես ցաւ կ՛ապրիմ` տեսնելով տեղահան եղած ու աշխարհով մէկ ցրուած միլիոնաւոր փախստականներ: Յատկապէս ապշեցուցիչ է հետեւիլ այս իրավիճակի վերաբերեալ պետութիւններու արձագանգին: Ատելութեան խօսքը թափ կ՛առնէ ամբողջ աշխորհի մէջ եւ կը ստիպէ մարդկոց աւելի մեկուսանալ իրենց սեփական կրօնական եւ ազգային համայնքներուն մէջ: Միայն ատելութեան խօսքը չէ, սակայն, որ թափ կ՛առնէ: Մարդու իրաւունքներու պաշտպաններուն ձայները եւս կը բարձրանան:
Մեր հիմնադրամի նպատակն է պայքարիլ խտրականութեան դէմ` սկսած մեր սեփական տունէն` Թուրքիայէն, ստեղծել երկխօսութեան եւ խաղաղութեան լեզու, տարբեր ինքնութեան մարդիկ մերձեցնել, պահպանել մշակութային ժառանգութիւնը, բարելաւել Թուրքիա-ԵՄ յարաբերութիւնները, բանալ սահմանները ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ պատեր կը կառուցուին, նպաստել Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն, եւ ամենակարեւորը, յաղթահարել մարդոց մտքին մէջ գոյութիւն ունեցող սահմանները:
Այս ամէնուն հասնելու համար Թուրքիոյ մէջ մենք կը գործենք միասնաբար` հայերով, թուրքերով, քիւրտերով, մահմետականներով եւ քրիստոնեաներով: Մենք հպարտ ենք ըլլալով մասը այդ մեծ ընտանիքին, որ կռիւ կու տայ նոյն գաղափարներուն համար եւ ողջ աշխարհի մէջ կը պայքարի մարդու իրաւունքներուն համար:
Թէեւ երբեմն մեզի կը թուի, թէ մենք կը պայքարինք մեծ ալիքներու դէմ, մեզի անչափ յոյս կու տայ այն գիտակցումը, որ մենք միայնակ չենք` ըլլայ Թուրքիոյ, թէ աշխարհի մէջ: Այս մրցանակը ստանալով ոգեշնչող «Զուքաք» թատերական ընկերութեան հետ միասին եւ այսօր ըլլալով այստեղ ձեզի հետ` մենք աւելի ուժեղ կը դառնանք: Իմ եւ մեր հիմնադրամի անունէն` սրտանց կը ցանկանամ երախտագիտութիւն յայտնել մրցանակին համար, որ, յուսով ենք, ալ աւելի պիտի զօրացնէ բոլոր անոնց, որոնք Թուրքիոյ մէջ կը պայքարին ժողովրդավարութեան համար եւ դժուարին ժամանակներ կ՛ապրին»:
«Շիրակ» հիմնադրամը ստեղծուած է 2008-ին Ֆրանսայի նախկին նախագահ Ժաք Շիրաքի կողմէ` նպատակ ունենալով «աջակցելու հակամարտութիւններու կանխարգիլման, մշակութային երկխօսութեան հաստատման եւ առողջապահութեան որակի բարելաւման ուղղուած ջանքերուն»: