Ամերիկայի Հայկական Համագումարը (Արմինյըն Ասսէմպլի) կը տեղեկացնէ թէ Միացեալ Նահանգներու Սէնատը ընդունած է 2019 տարուայ ֆինանսական յատկացումը շարունակել Հայաստանի եւ Արցախի, մարդասիրական ծրագիրներու իրագործման համար: Շաբաթ մը առաջ Ներկայացուցիչներու Տան արտաքին գործառնութիւններու յանձնաժողովը վաւերացուցած էր 2019 ֆինանսական տարուան յատկացումներու օրինագիծը՝ 30 կողմ եւ 21 դէմ ձայներով:
Յանձնաժողովի ներկայացուցիչ Սենադոր Քրիս Վան յայտնած է թէ Յանձնաժողովը մտահոգուած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ հակամարտութեան շարունակման կապակցութեամբ: Հայկական Համագումարի գործադիր տնօրէն Պրայըն Արտունի Սենատի յանձնաժողովին ուղղուած իր ելոյթին ընթացքին կոչ կատարած էր աւելցնել Արցախի օժանդակութիւնը՝ զարգացման կարիքները հոգալու համար, ինչպէս նաեւ Հայաստանին՝ փախստականներու օգնութեան համար:
Յանձնաժողովը զգուշացուցած է Թուրքիան ՝ Ռուսիայէն ռազմական համակարգեր ձեռք բերելու գործունէութեամբ: Յանձնաժողովի նախագահ Սենադոր Վան Հոլէն ըսած է, «Շատ տարօրինակ կը գտնեմ որ կ’ապրինք ժամանակաշրջան մը երբ ՆԱԹՕ-ի դաշնակից մը (Թուրքիան) Ռուսաստանէն կը գնէ հակահրթիռային սարքեր: Սա ամենեւին իմ պատկերացուցած ՆԱԹՕ –ն չէ»: