Անի Ֆիշենկճեանի «Սուրիոյ հայ համայնքի պատմութիւնը՝ 1946-1970թթ.» մենագրութիւնը

Երեւանի մէջ լոյս տեսած է պատմական գիտութիւններու թեկնածու, սուրիահայ, այժմ հայաստանաբնակ, Անի Ֆիշենկճեանի «Սուրիոյ Հայ Համայնքի Պատմութիւնը՝ 1946-1970 թթ.» մենագրութիւնը:

344 էջերէ բաղկացած այս գիրքը կ՛ընդգրկէ նկարներ, քարտէզներ եւ փաստաթուղթեր, ներածութիւն եւ չորս գլուխ ու ենթագլուխներ։

Հեղինակը համառօտ կերպով կը ներկայացնէ համայնքի կազմաւորման տարիները՝ մինչեւ Սուրիոյ անկախութիւն, ինչպէս նաեւ սուրիահայերուն նպաստը Սուրիոյ բանակին, յետ-անկախութեան տարիներուն հայութեան մասնակցութիւնը երկրի տնտեսական-հասարակական կեանքին, Հայրենիք-Սփիւռք եւ Սուրիա-Խորհրդային Միութիւն յարաբերութիւնները, սուրիահայ բժիշկներ, ճարտարապետներ եւ երեսփոխաններ: Անի Ֆիշենկճեան նաեւ կ՛անդրադառնայ հայրենադարձութեան տարիներուն՝ 1946-1948 թթ., վաթսունական թուականներու զարգացումներուն՝ մինչեւ 1970, ինչպէս նաեւ համայնքի կրթամշակութային կեանքին, մամուլին, գրականութեան, երաժշտութեան, թատրոնին, մշակութային եւ հայրենակցական միութիւններու գործունէութեան ու առաքելութեան:

Հատորը ունի մատենագիտական յատուկ բաժին, արաբերէն եւ անգլերէն ամփոփում, իսկ աւարտին՝ կը ներկայացուի հեղինակին կենսագրութիւնը:

Տպագրութեան յանձնուած է ՀՀ ԳԱԱ Պատմութեան ուսումնարանի գիտական խորհուրդին որոշումով, իսկ տպագրութեան ծախսին իրենց նիւթական օժանդակութիւնը բերած են գամիշլիահայ, այժմ հայաստանաբնակ` Տիգրան Պարսումեան եւ մայրը` Հերմինէ Պարսումեան, ինչպէս նաեւ Ֆիշենկճեան ընտանիքը։

Հեղինակը մենագրութիւնը նուիրած է իր հօր՝ Աւետիս Ֆիշենկճեանի յիշատակին: