Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն. «Ֆրանսացիներն ու հայերը յաւերժ կապուած են»

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն գրառում կատարած է Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցին առթիւ։

«Ֆրանսան այսօր կը յիշատակէ 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցը։
Եկէք վառ պահենք ջարդերու, տեղահանութիւններու եւ հալածանքներու զոհերուն յիշատակը։ Չմոռնանք։ Ֆրանսացիներն ու հայերը յաւերժ կապուած են»,-  X-ի իր էջով գրած է Մաքրոն։