Հալէպ – անպաճոյճ իրականութիւն

Իրականութիւնը կ’ուզէ՞ք, կամ իրականութի՞ւնը կ’ուզէք:

-Մեզմէ ոչ մէկը գոհ է կացութենէն:

Ճի՛շդ է, այլեւս հաուն-հրասանդներ չկան, ճի՛շդ է որ ապահով կը քնանանք, սակայն ըսել չէ, որ գոհ ենք կացութենէն:

Ճի’շդ է, պատասխանատուները կը ջանան վերականգնել գաղութը, եւ այդ նպատակին համար իրաւացիօրէն պարտաւոր են նախ համայնական կառոյցները վերականգնել եւ ստիպուած են կարօտեալներուն յատկացուելիք նպաստներէն նուազեցնել, իրողութիւն մը որ տակաւին գործադրութեան չդրին, հաւանաբար յուսալով, թէ.

1-Խաղաղութեան հետ գաղութին մէջ կարօտեալներուն թիւը պիտի նուազի, ասոր կողքին ոմանք հարստանալով պիտի օգնեն իրենց հայրենակիցներուն. չէ՞ որ հալէպահայը միշտ առատաձեռն եւ բարեգործ եղած է, այսօր իսկ Հալէպի մէջ, թէեւ քիչ, սակայն կան բարեսէր հայեր, որոնք վերջին վեց տարիներուն չեն դադրած իրենց հաայրենակիցներուն օգնելէ, աւելորդ չէ ըսել նաեւ որ կան հայեր, դարձեալ քիչ, որոնք տագնապի ամենադժնդակ պահերուն իսկ մերժած են նպաստ ստանալ՝ միշտ նկատի ունենալով որ կան իրենցմէ աւելի կարիքաւորները:

2-Համահայկական շարունակուող օգնութիւնները պիտի աւելնան ու նպաստեն անհատներու տուներու եւ գործատեղիներու վերանորոգման: Այս պարագան չեմ կարծեր որ իրականութիւն դառնայ. դուրսի հայերը ի վիճակի պիտի չըլլան աւելցնելու իրենց օգնութիւնները, անոնց համար միայն Հալէպը չէ օգնութեան կարիք ունեցողը:

3-Օգնութեան նոր աղբիւրներ պիտի գտնուին, ինչպէս Քարիթասը՝ Կաթողիկէ բարեսիրական միութիւններու ընկերակցութիւնը, կամ ՄԱԿ-ը: Այս պարագային ալ նկատի պէտք է ունենանք, որ անոնք որոշ կրճատումներ կատարած են ընդհանրապէս Սուրիոյ ժողովուրդին տրամադրած իրենց օգնութեան ծրագիրներուն մէջ: Ամէն պարագայի կարելի է յուսալ, թէ քրիստոնէական համաշխարհային կառոյցները որոշ չափով պիտի օգնեն նաեւ հայկական աւերուած եկեղեցիներու վերակառուցելուն:

Այս երեք կէտերու իրականութիւն դառնալը կը մնայ թէական, հակառակ ամբողջ հայաշխարհի մէջ հալէպահայութեան հանդէպ տածուող սիրոյն եւ իշխող բարի կամեցողութեան: Փաստօրէն հայ ժողովուրդի կարելիութիւնները շատ հեռու են իր ցանկութիւնները իրականութիւն դարձնելէ:

Այսօր, Հալէպի մէջ կան ուտելիքի բոլոր տեսակները, սակայն մարդկանց մեծ մասը ամէն ինչ չէ որ կը համտեսէ։ Քանի՞ հոգի շաբաթը գոնէ մէկ անգամ կովու կամ ոչխարի միս կ’ուտէ, ոմանք ամիսը անգամ մը իսկ չեն ուտեր, ատոր փոխարէն յաճախ հաւու միս կ’ուտենք բոլորս, առնուազն բլիթի ձեւով: Ձո՞ւկ. քանի՞ ձկնավաճառ մնացեր է որ Հալէպի մէջ: Կամ Ճիտէյտիէն Սուլէյմանիէ փոխադրուած ձկնավաճառ Ապու Ահմէտի խանութը շաբաթը քանի՞ հոգի կը մտնէ որ…

Ամէն պարագայի բոլորս ալ Փառք Աստուծոյ ՝Հէմտու  լիլլէհ արտայատութիւնը շատ լաւ սորված ենք արաբներէն եւ այն յաճախ մեր բոլորին ո՛չ միայն շրթներէն կ’արտասանուի, այլ նաեւ հոգիներու խորերէն, չէ՞ որ մենք համեմատաբար շատ աւելի լաւ կ’ապրինք քան սուրիացիներու մեծամասնութիւնը, ուր քիչ չէ միլիոններու հասնող գաղթականներու կամ անտուններու թիւը:

Իրականութիւնը կ’ուզէ՞ք. – ուտելիք կայ, սակայն յանուն ճշմարտութեան մեզմէ շատ շատերուն շահած դրամը միայն ուտելիքի կը բաւէ կամ ոչ:

Հապա դպրոցական կրթաթոշակները՞. ցաւալի է, որ մինչեւ հիմա ո՛չ միայն կրթաթոշակները այլ նաեւ բամաթիւ աշակերտներու կողմէ դպրոցի արձանագրութեան սակերն ալ չեն վճարուած..

Հապա՞ առողջապահական հարցերը, այնքա՜ն շատ են որ հիւանդութիւնները, որոնց շարքին նաեւ փոխանցիկները, ինչպէս օրինակ դեղնախտը: Հոս ալ բարեբախտաբար կան հաստատութիւններ, որոնք մեծապէս կ’օգնեն վիրահատութիւններու պարագային, հազարաւոր հիւանդներու դեղ կը տրամադրեն:

Հապա՞ հագուստ-կապուստը. այս մասին աւելի լաւ է լռենք, որպէսզի չստիպուինք ըսել, թէ շատեր տարիներով նոր զգեստ չեն գներ, իրենց զաւակներուն կօշիկները որպէս նպաստ ստացած յատուկ կտրոններով կը գնեն: Կան սակայն տաս, քսան, երեսուն հազարի կօշիկ, հագուստ գնողներ ալ:

Հապա կանացի վարսավիրներու հարցը ի՞նչ է: Անմիջապէս ըսենք, որ տօնական այս օրերուն խեղճ կանայք ստիպուած են իրենց ամուսիններուն քսակները դատարկել՝ իրենց մազերուն խայտաբղէտ գոյներ տալու համար: Դեռ ալ կ’ըսենք թէ դրամ չունինք:

Հիմա ջուր գրեթէ միշտ ունինք, երբեմն ալ մեծ թափով հոսող ջուր, հոս ալ պէտք է արձանագրենք, որ բազմաթիւ տուներու առաստաղները ջուրով ողողուեցան՝ վերի անբնակ տուներէն հոսող… կարեւորը.- կարծէք թէ ետեւ մնաց ջրկիրութիւնը, թէեւ մեզի որպէս ժառանգ ձգեց ողնաշարի անբուժելի ցաւը:

Ելեկտրականութիւն ալ ունինք՝ չորս ժամ ո՛չ, երկու ժամ՝ այո՛, տակաւին կան շատ սուղ սպասարկող ելեկտրածին շարժիչները, որոնց բարիքներէն դեռ երկար ժամանակ պիտի օգտուինք կարծէք:

Կը տեսնէք որ քիչ չեն հալէպահայերու նիւթական եւ կենցաղային մտահոգութիւնները, բայց կան աւելի կարեւորները:

Այո՛, տօնական այս օրերուն ուրախ էր հալէպահայութիւնը, մանաւանդ այդ ուրախութիւնը յստակօրէն արտայայտուեցաւ հաւաքական ձեռնարկներու մէջ. անխտիր բոլոր մեր կազմակերպութիւնները փորձեցին ուրախացնել մանուկներն ու ծերերը եւ յաջողեցան մանաւանդ մանուկներու պարագային: Կազմակերպուեցան պարահանդէսներ, խրախճանքներ, եւ հաւատացէ՛ք, նոյնիսկ անոնց ներկայ չեղողները (կամ ներկայ ըլլալ չկրցողները, ուրախացան այդ պարահանդէս-խրախճանքներու արձանագրած յաջողութիւններով: Սակայն արտաքին այս ուրախութիւնը ներքուստ խաթարուած էր բազմաթիւ ազդակներով, որոնք ի յայտ կու գային տօնական ընտանեկան սեղաններու շուրջ, ուր ուտելիքի այս կամ այն տեսականին չէր բացական, այլ անպայման ընտանիքէն մէկը կամ մէկէ աւելին: Հալէպահայերու հին սովորութիւնն է, Կաղանդի գիշերը հաւաքուիլ ազգականներով. Ազգականներո՞վ… ո՞ւր են անոնք, ո՞ւր են ոչ միայն ազգականները այլ նաեւ տան անդամներէն մի քանին: Կա՞յ Հալէպի մէջ ընտանիք մը, որուն բոլոր անդամները հոս են.

-Այո՛, պատսխանողները շատ քիչ պիտի ըլլան, որովհետեւ այդպիսի ընտանիքներ մատներու վրայ կրնան համրուիլ :

Երբ կը խօսինք Հալէպէն գաղթողներու, կամ մնացողներու մասին, միայն թիւերով կը մտահոգուինք, մինչդեռ անչափ կարեւոր է անդրադառնալ քայքայուած ընտանիքներուն, այս ընտանիքները ե՞րբ եւ ո՞ւր պիտի միանան իրար, մեծ հայրերը, նոյնիսկ հայրերը երբեւիցէ պիտի տեսնե՞ն իրենց թոռնիկները կամ հարսերը, թէ՞ պիտի բաւարարուին ուրախանալ լսելով որ զաւակը ամուսնացած է լաւ ընտանիքէ հայ աղջկայ մը հետ, թէ՛ արդէն թոռնիկ ունեցեր է…

Ասիկա չանտեսելու համար եկէք Նոր Տարուան կամ Խթման գիշեր այցելենք հալէպահայերու տուները, համարեա լուռ սեղաններու շուրջ սպասենք կէս գիշերուան, որպէսզի տեսնենք, թէ ինչպէս կ’ուրախանան տանտերէրը երբ հեռախօսը սկսի հնչել եւ լսելի դարձնել շնորհաւորական մաղթանքները՝ Գանատայէն՝ տանտիկնոջ եղբայրը, Գերմանիայէն՝ տանտիրոջ եղբայրը, կամ հակառակը, ի՛նչ տարբերութիւն, Հայաստանէն՝ տան մեծ զաւակը կամ դուստրը… եւայլն, եւայլն…

Հապա՞ անդարձ գացողները՝ մեր նահատակներն ու զոհերը… անոնց ալ Ս.Ծնունդի յաջորդ օրը կը կ’այցելենք, քիչ մը կու լանք, քիչ մը կը պատմենք եւ նոյն ճմլուած սիրտով ու հոգիով կը վերադառնանք մեր առօրեայ մտահոգութիւններուն, եթէ կ’ուզէք՝ մեր իրականութեան:

Եթէ կ’ուզէք:

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 13 Յունուար 2018