ՀՀ վարչապետ՝ Կարապետեան կոչ կ’ընէ աշխուժօրէն գովազդելու Հայաստանը

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Կարէն Կարապետեան կառավարութեան նիստին յանձնարարած է Հայաստանը իբրեւ զբօսաշրջային երկիր գովազդող հոլովակներ պատրաստել եւ տարածել, կը հաղորդէ “Մեդիամասք”-ը:

«Թեւէ վերջին հինգ տարուան մէջ Հայաստանի ներգնայ այցելութիւններու տարեկան միջին աճը կազմած է շուրջ 9%` մեր երկիրը` որպէս զբօսաշրջային երկիր, թերագնահատուած է: Համոզուած եմ, որ Հայաստանը անհամեմատ աւելի մեծ ներուժ ունի»,- ըսած է վարչապետը:

ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարին յանձնարարուած է երկշաբաթեայ ժամկէտի մէջ ապահովել Հայաստանը որպէս զբօսաշրջային երկիր գովազդող նիւթերու մշակումն ու տարածումը` ներառեալ բարձրորակ հոլովակներու պատրաստումն ու անոնց միջազգային ընկերային ցանցերով ու լրատուամիջոցներով տարածումը:

Որպէս յաջող օրինակ վարչապետը նշած է Nation of innovation տեսահոլովակը։