ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ` ԳԻՏՆԱԿԱՆ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՉ ԸՆԿԵՐ ԱՐՇԱՒԻՐ ԿԷՕՆՃԵԱՆԻ ՀԵՏ Մաս Բ.

Ռ.Ա.Կուսակցութեան 100-ամեակին առիթով 

Հարցազրոյցը Վարեց` ՊԱՅԾԻԿ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

 

Մաս Բ.

 

Հ.- Որո՞նք են գլխաւոր իրագործումները Ռ.Ա.Կ.-ին Սփիւռք-Հայաստան Կապերու Կայացման մէջ:

Պ.- Այս հարցումը եւ անոր պատասխանը կը բնութագրեն Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հաւանաբար ամենակարեւոր իրագործումը երբ յետադարձ ակնարկ մը կը նետենք անոր հարիւրամեայ ազգանուէր գործունէութեան վրայ:

Արդարեւ, անվարան եւ փաստօրէն կþուզեմ հաստատել թէ յետ անկախութեան եւ այսօրուան պայմաններուն տակ, երբ տուեալ կþառնենք Սփիւռք-Հայաստան յարաբերաբար աշխոյժ եւ բաւականին բազմերանգ կապերը, մեր ժողովուրդը պէտք է գիտակցի թէ այդ վիճակը կը պարտի մեծագոյն չափով Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան` եօթանասուն տարիներ շարունակ, 1921-էն մինչեւ 1991, երբեմն ամենադաժան պայմաններու մէջ կատարած հերոսական գործունէութեան:

Ռ.Ա.Կ.ը կազմուեցաւ 1921-ին ճիշդ այն օրերուն երբ ցեղասպանութենէն հազիւ ազատած հարիւր հազարաւոր տարագիր հայեր կարճ ժամանակի մէջ ստեղծեցին այսօրուան «աւանդական Սփիւռքը», Միջին Արեւելքէն մինչեւ Եւրոպա եւ Ամերիկաները: Նոյն շրջանին աշխարհը սուր կերպով բեւեռուեցաւ եւ քաղաքականօրէն բաժնուեցաւ, Արեւելեան` համայնավարամիտ եւ Արեւմտեան` հակահամայնավար երկու կէսերու:

Խորհրդայնացած Հայաստանը ինկաւ առաջին կէսին մէջ իսկ նորաստեղծ եւ տակաւին անգլուխ ՙաւանդական Սփիւռք՚ը ինկաւ հակառակորդ միւս կէսին մէջ:

Այս պայմաններուն մէջ Սփիւռքը շատ դիւրին որս մըն էր ենթարկուելու հակահամայնավար բոլոր գործակալութեանց ազդեցութեանց եւ այնպէս ալ, բացայայտ իրականութիւն է թէ Հ.Յ.Դ.իւնը ենթարկուեցաւ անոնց, գիտնալով հանդերձ թէ այդ գործունէութիւնը կ’առաջնորդէր դէպի Ափիւռքի ամբողջական խզումը հայրենիքէն եւ Մայր Աթոռէն, ի Ս. Էջմիածին:

Մեր Կուսակցութիւնը եղաւ ամենաազդու, տրամաբանուած` եւ յաջողութեամբ պայքարողը ի նպասատ Սփիւռքը Մայր Հայաստանին եւ Մայր Եկեղեցւոյ կապուած պահելու դժուար աշխատանքին: Իբրեւ հետեւանք ան ստիպուեցաւ ենթարկուիլ բոլոր տեսակի քաղաքական ճնշումներու եւ վնասներու եւ հերոսաբար դիմակալեց զանոնք:

Ամէնէն աչքառու երկու մեծ իրադարձութեանց մէջ Ռ.Ա.Կ.ը կատարեց դրական բացառիկ եւ պատմական դեր մը:

Առաջինը եղաւ 1946-ի մեծ ներգաղթի շարժման ընթացքին, որուն շնորհիւ է որ կ’ըսուի թէ Հայաստան կրցաւ պահպանել իր ուրոյն Հայկական Հանրապետութեան հանգամանքը Խորհրդային Միութեան մէջ: Իսկ երկրորդը նոյնքան եւ աւելի ցնցիչ պատուհաս դառնալու սահմանուած` Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ 1956-ին ստեղծուած Անթիլիասական հերձուածն է որուն առջեւ կանգնող Ռ.Ա.Կ.ը գլխաւոր ոյժն էր, որ պատնէշ հանդիսացաւ եւ առաւել չափով կարելի դարձուց պահպանել Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնայ այսօրուան դիրքը հայ իրականութեան մէջ:

Ես անձնապէս կենդանի եւ մասնակից վկան եմ այս զոյգ պարագաներուն:

Այդպէս է նաեւ, որ 1991-ին, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը միակ եւ առաջին սփիւռքի կազմակերպութիւնն էր որ Երեւանի մէջ` օրուան Ազգային Ժողովին պատմական նիստին ընթացքին իր համաձայնութեան քուէն տուաւ Հայաստանի անկախութեան հռչակագրին որդեգրման համար: Անկէ անմիջապէս ետք, մենք եղանք առաջինը Հայաստանի մէջ ստեղծելու Ռամկավարական գաղափարախօսութեան խօսափողը հանդիսացող եւ Սփիւռքի ձայնը հոն հասցնող մամուլին, ՙԱզգ՚ թերթին միջոցաւ:

Այսօր սովորական երեւոյթ դարձած է ականատես կամ ձեռնարկող ըլլալ տարբեր-տարբեր Հայաստան-Սփիւռք կապերու եւ նախաձեռնութիւններու:

Մենք եղանք այդ թանկագին գաղափարախօսութեան եւ մօտեցումին գուրգուրացող եւ սնուցանողը, եւ զայն նաեւ ընդունելի դարձնողը Սփիւռքի մեր ժողովուրդի մեծամասնութեան համար, ինչպէս նաեւ անոր մեծագոյն կառոյցներուն մէջ` յատկապէս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցիին եւ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան մէջ : Այդ նոյն օրերուն ուրիշներ ընդհակառակը, այդ մօտեցումը կը թարգմանէին որպէս կասկածելի գործունէութիւն…

 

Հ.- Ի՞նչ տեղ կը գրաւէ Ռ.Ա.Կ. Մամուլը Սփիւռքի եւ Հայաստանի կեանքին մէջ:

Պ.- Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը եւ իր մամուլը առաջին օրէն իսկ, ազգային կեանքին մէջ հանդիսացած են Հայ ժողովուրդի խղճի ձայնը: Հարազատ ու անշահախնդիր հայրենասիրութեան բարձր ձայնը եղաւ ան թէ` 1920-ականներուն, թէ 50-ականներուն թէ` 60-ականներուն եւ թէ ալ մինչեւ այսօր:

Ռ.Ա.Կ. մամուլն է որ շնորհիւ իր յախուռն խմբագիրներուն, հսկայական ներդրում ունեցած է եւ կամուրջ հանդիսացած է Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները եւ կապերը յստակ առողջ եւ տրամաբանական հիմերու վրայ դնելու աշխատանքին մէջ, յատկապէս Խորհրդային Հայաստանի տարիներուն, հակառակ քաղաքական ամէն տեսակի դժուարութիւններուն: Ռ.Ա.Կ. մամուլն է որ բացատրեց եւ սորվեցուց սփիւռքահայուն եւ Սփիւռքի մեծ կազմակերպութիւններուն ինչպէս Հ.Բ.Ը.Մ.-ը եւ Հայաստանեայց Եկեղեցին, թէ կարելի է ըլլալ Հայաստանասէր եւ հաւատարիմ զաւակը Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնին եւ նոյն ժամանակ անհամաձայն կամ հակառակ ըլլալ Խորհրդային գաղափարախօսութեան: Շատ դժուար առաքելութիւն մը ստանձնած է Ռ.Ա.Կ. մամուլը այդ օրերուն, երբ ուրիշներ նոյնիսկ Ամենայն Հայոց Հայրապետը հրապարակաւ կը մատնանշէին որպէս համայնավար գործակալ…

Այս նոյն մօտեցումով Ռամկավար մամուլը մինչեւ այսօր Սփիւռքի մէջ իր գերակայ առաքելութիւններէն մէկը նկատած է անսակարկ կերպով զօրավիգ կանգնիլ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնին եւ Հ.Բ.Ը.Մ.-եան: Բազմատասնեակ տարիներ շարունակ մեր մամուլը արձագանգած եւ գլխաւոր բարեկամ եւ պաշտպան խօսափողը հանդիսացած է ազգային այս երկու նուիրական հաստատութեանց: Իբրեւ բնական հետեւանք, յաջորդական Ամենայն Հայոց Հայրապետները եւ Բարեգործականի Նախագահները, յատկապէս` երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. Կաթողիկոսը եւ հանգուցեալ Ալեք Մանուկեան անկրկնելի նախագահը Հ.Բ.Ը.Մ.-եան, պերճախօս ջատագովողները եղած են Ռ.Ա.Կ.-եան մամուլին:

Շարունակելով իր երկար տարիներու հայրենամէտ առաքելութիւնը Ռ.Ա.Կ.-ը առաջին եւ յախուռն քայլը առաւ նաեւ 1991-ին` Հայաստանի անկախացման առաջին իսկ օրերուն, անմիջապէս հիմնելով ՙԱզգ՚ օրաթերթը որպէս առաջին թերթը որ Հայաստան կը բերէր արեւմտեան մօտեցումով ազատ մամուլի հասկացողութիւնը: ՙԱզգ՚-ը անմիջպէս դարձաւ Հայաստանի ամենափնտռուած թերթը բազմահազար իր տպաքանակով: Կրնամ վկայել Հայաստանի առաջին Նախագահին ինծի այդ օրերուն անձնապէս կատարած մէկ խոստովանութիւնը թէ ինք բոլորէն առաջ ուշադրութեամբ կը կարդայ ՙԱզգ՚ը, հակառակ որ այնտեղ յաճախ քննադատութիւններ կը կատարուին իրեն նկատմամբ…

Մեր մամուլը այսօր մանաւանդ կը պահէ իր գերակայ տեղը:

Բացի տպագիր մամուլէն ստեղծած ենք նաեւ ցանցային մամուլը թէ Հայաստանի մէջ եւ թէ Սփիւռքի տարածքին:

Ամենակարեւորը այն է թէ ըլլալով միշտ Հայաստանի պետութեան զօրավիգ` երբեք չենք ենթարկուած փոխուող տարբեր իշխանութեանց, հետեւաբար տեղին եւ շինիչ քննադատութիւններով ընթերցողը իրազեկ պահած ենք տարբեր կարեւոր զարգացումներու իսկական բնոյթին:

Ահաւասիկ այսօր իսկ մեր հայրենիքը կ’ապրի իր պատմութեան ամենատագնապալի շրջաններէն մէկը եւ մեր մամուլը լաւագոյն կերպով կը կատարէ թէ իր արդար քննադատութեան պարտականութիւնը եւ թէ ալ կոչը դէպի համախմբում, վերականգնում եւ քաղաքական ճկունութիւն:

 

Հ.- Ոմանք ժամանակավրէպ կը գտնեն քաղաքական կուսակցութեանց դերն ու գոյութիւնը Սփիւռքի մէջ: Ի՞նչ է ձեր կարծիքը այդ մասին: Կը խորհի՞ք թէ կուսակցութիւնները տակաւին դեր մը ունին զանգուածը քաղաքականօրէն դաստիարակելու գործին մէջ: Նոյնպէս հայկական շահերը ներկայացնելու հիւրընկալ երկիրներու եւ հասարակութեանց մօտ:

Պ.- Շատ պարզ եւ որոշ է այդ հարցումին պատասխանը: Եթէ Սփիւռք կոչուածը ըլլար պարզապէս Հայ անունը կրող անհատներու թոյլ հաւաքականութիւն մը եւ չունենար յատուկ մշակութային դիմագիծ եւ չզգար իր կապը մօտիկ անցեալի իր պատմութեան հետ եւ անկէ բխող մարդկային եւ քաղաքական հարցերու նկատմամբ դեր մը կատարելու պարտաւորութիւնը, բնականաբար այդ պարագային կուսակցութիւններու գոյութիւնը բոլորովին աւելորդ պիտի ըլլար: Սակայն այսինքն Հայ սփիւռքին պարագային կացութիւնը ճիշդ հակառակն է:

Հայ Սփիւռքը իր կազմաւորման առաջին իսկ պահէն եւ մինչեւ այսօր եւ թերեւս այսօր աւելի քան երբեք, ապրած է եւ կ’ապրի որպէս ազգային նկարագիր ունեցող հաւաքականութիւն: Իբրեւ հետեւանք, ան սուր կերպով զգացած է թէ կատարելիք պարտականութիւններ ունի որոնք կը բխին իր ազգային ժառանգութենէն: Ոչ միայն պահել եւ պահպանել իր լեզուն եւ մշակոյթը, բայց նաեւ ու մանաւանդ օգտակար եւ զօրակից դառնալ այսօրուան Հայաստանին, տնտեսական թէ քաղաքական բնագաւառներուն մէջ:

Այնքան ժամանակ որ Հայ Սփիւռքը կը շարունակէ եւ կ’ուզէ պահել իր այս նկարագիրը, իր այդ նպատակները իրագործելու համար պէտք է ունենայ հաստատուն հաւաքական ոյժերով ստեղծուած կազմակերպութիւններ որոնց կարգին առաջին տեղը կը գրաւեն սիսթեմաթիք եւ հետեւողական կազմակերպչական աշխատանքի նկարագիր ունեցող կուսակցութիւնները:

Եթէ կուսակցութիւնները սկսին տկարանալ, Սփիւռքի հաւաքականութիւնները եւս անխուսափելիօրէն կը տկարանան եւ ի վերջոյ նոյնիսկ բոլորովին կը կորսըւին: Այդ դժբախտ իրականութեան մէկ օրինակն է Լեհաստանի երբեմնի աշխոյժ եւ այսօր անգոյ մեծ գաղութը:

Խօսելով յատկապէս Ռ.Ա.Կ.-եան մասին, տեսանք թէ որքան կենսական դեր կատարած է ան 1920-ական թուականներէն ի վեր: Այսօր եւս յատկապէս իր մամուլին շնորհիւ բանալի դեր կը կատարէ ան մանաւանդ Սփիւռքի տարածքին:

Ի վերջոյ խօսելով յատկապէս մեր այժմու` յետ Արցախեան վերջին տխուր պատերազմի այս օրերուն մասին, դժբախտաբար հայ աշխարհի համայնապատկերը շատ աւելի մթագնած է ինչ կը վերաբերի Մայր Հայրենիքի ներքին վիճակին: Այս պայմաններուն մէջ աւելի քան երբեք Սփիւռքը պարտաւորուած է կազմակերպուած դեր կատարելու ի նպաստ հայրենիքին, ոչ միայն տնտեսական այլ նաեւ քաղաքական բնագաւառին մէջ: Դժբախտաբար քաղաքական բնագաւառին մէջ մասնաւորապէս այսօրուան հայաստանեան lobby-ն անտեսանելի ըլլալու չափ տկար է:

Ուրեմն, Սփիւռքին կը մնայ իր մամուլով եւ կազմակերպուած աշխատանքով մասամբ մը ստանձնել այդ պատասխանատուութիւնը: Այդ կ’ենթադրէ մանաւանդ կուսակցական ոյժեղ մամուլ եւ ազդու աշխատանք, այսօր աւելի քան երէկ…

 

Հ.- Ի՞նչ դեր խաղաց Ռ.Ա.Կ.-ը Հայաստանի վերջին անկախութենէն ետք:

Պ.- 1991-ին Խորհրդային կարգերու յանկարծական քանդումը եւ իբրեւ հետեւանք Հայաստանի անկախացումը, ինչպէս ամբողջ աշխարհին` մեզ հայերուս համար եւս մեծ անակնկալ մըն էր:

Սակայն մեր կուսակցութիւնը բոլորէն աւելի եւ բոլորէն առաջ ինքզինք պատրաստ զգաց մուտք գործելու նորանկախ Հայաստան եւ այնտեղ գործակից եւ նոյնիսկ առաջնորդող դարձաւ նոր ոգիով ազգաշինութեան հսկայ աշխատանքին:

Ինչպէս յիշեցի արդէն Ռ.Ա.Կ.-ը միակ եւ առաջին սփիւռքի կազմակերպութիւնն էր որ առիթը ունեցաւ, եւ իր դրական ձայնը բարձրացուց Հայաստանի անկախութեան հռչակման առիթով:

Ռ.Ա.Կ.-ը յախուռն նախաձեռնողը եղաւ եւ նիւթական եւ մտաւորական ոյժ տրամադրեց ստեղծելու համար բացառաբար ոյժեղ եւ ժողովրդականութիւն վայելող ՙԱզգ՚ թերթը որ Հայաստանի ամբողջ մտաւորականութեան եւ քաղաքական շրջանակներու փնտռուած թերթը եղաւ այդ օրերուն եւ տակաւին է մինչեւ այսօր: Նաեւ մնք առաջինը հանդիսացանք արդիական ձայնասփիւռի յայտագիր մը հաստատելու:

Մինչ Հայաստանի մէջ դասական իմաստով Համայնավար Կուսակցութենէն դուրս ոչ մէկ ուրիշ գաղափարախօսութեան արմատներ կային, ստեղծեցինք Հայաստանի Հ.Ռ.Ա.Կ.-ը որ յաջողեցաւ առաջին իսկ ընտրութիւններուն ընտրել 22 պատգամաւորներ օրուան Ազգային Ժողովին մէջ:

Մեր ղեկավար ընկերներու նախաձեռնութեամբ սփիւռքի ներդրումներով ստեղծեցինք սփիւռքի կողմէ առաջին տեղական առեւտրական եւ արտադրական հաստատութիւնները որոնք սակայն դժբախտաբար հանդիպեցան տեղւոյն վրայ ստեղծուած մեծ դժուարութիւններու. խօսքս կը վերաբերի Նոյաքի, Արմէնթոյի Պենեթոնի եւ Ջերմուկի ձախողութեանց:

Միւս կողմէ, որոշ կերպով կրնամ ըսել թէ Հայաստանի տարբեր իշխանութիւնները ժամանակ մը համակրանք յայտնելէ ետք Ռ.Ա.Կ.-ին նկատմամբ, յուսալով օգտուիլ անոր Սփիւռքի մէջ ունեցած ժողովրդականութենէն, աւելի ետք բազմաթիւ խոչընդոտներ ստեղծեցին անոր դէմ: Մինչեւ այսօր կը շարունակուի այդ կեցուածքը դժբախտաբար: Սակայն մենք մեր գործունէութիւնը ի նպաստ հայրենիքին կը շարունակենք մինչեւ այսօր:

Մեր ներկայութիւնը կարեւոր կերպով իր բարերար ազդեցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստանի Թէքէեան Մշակութային Միութեան գործունէութեան շնորհիւ որ հիմնեցինք անկախութեան առաջին օրերէն իսկ: Այսօր Թէքէեանը ունի Երեւանի մէջ իր սեփական գեղեցիկ կեդրոնը եւ այլ կալուածներ: Յատկապէս Հայաստանի մտաւորականութիւնը որ այլապէս ինքզինք լքուած կը զգայ իր երկրին մէջ իսկական բաւարարութիւն կը գտնէ Թէքէեանի տարբեր նախաձեռնութեանց մէջ ինչպէս գրական եւ մշակութային մրցոյթները, ուսուցիչներու օժանդակութեան ծրագիրը եւ նման այլ ձեռնարկները:

Ընդհանրապէս, հակառակ անցնող երեսուն յետ անկախութեան տարիներուն շրջանին, Հայաստան ակնյայտօրէն չէ կրցած ենթահող ստեղծել կազմակերպըւած քաղաքական գաղափարախօսութեան համար կամ իսկական կուսակցական կառոյցներով աշխատանքի համար: Որպէս կուսակցութիւն ներկայացնող մօտ երեսուն կազմակերպութիւնները կարելի չէ լրջօրէն նկատել որպէս իսկական կուսակցութիւններ, բացի սփիւռքէն ներածուած երկու աւանդական կուսակցութիւններուն:

Որոշ է թէ փոքր թիւով սակայն հաստատ գաղափարախօսութեամբ օժտուած կուսակցութիւններու գոյութիւնը անհրաժեշտ է երկրի մը քաղաքական հաստատուն դիմագիծ եւ առողջ գործունէութեան նկարագիր տալու համար:

 

Հ.- Գաղտնիք մը չէ, որ ատենէ մը ի վեր Ռ.Ա.Կ.-ը ունի ներքին դժուարութիւններ, որոնք հրապարակուած են: Ի՞նչ են պատճառները այդ դժուարութեանց եւ ի՞նչ ջանքեր կը կատարուին միացնելու կուսակցութեան հատուածները:

Պ.- Այս շատ կարեւոր հարցումը անխուսափելի եւ տեղին է, եւ կարօտ պատասխանի: Նոյն ժամանակ քանի որ իմ նկարագրովս կþուզեմ պատասխանել շատ ճշգրիտ տուեալներով որպէսզի տեղի չի տամ դիւրին եւ աժան մակերեսային հակաճառութեանց. այս հարցազրոյցին սահմանները անբաւարար կը նկատեմ ամբողջական պատասխան մը կարենալ տալու համար այս հարցումին:

Հետեւաբար պիտի ջանամ միայն քանի մը հիմնական տուեալներ տալ այստեղ պատրաստակամութիւնս յայտնելով նոյն ժամանակ ամենալայն սահմաններու մէջ եւ առարկայական մանրամասն տուեալներով պատասխանելու այս հարցին տարբեր առիթով մը:

Ռ.Ա.Կ.-ը իր ստեղծումէն մինչեւ 1995 թուականը ունեցած է բարոյական, մտաւորական եւ գաղափարախօսկան իմաստով բացառաբար հաստատուն միակամ եւ հերձուածներէ զերծ գոյութիւն մը եւ գործունէութիւն մը, հակառակ այդ տարիներուն իր շուրջ տիրող քաղաքական եւ տնտեսական յաճախ շատ դժուար պայմաններուն: Այդ ամբողջ շրջանին հպարտութեամբ կը յիշուէր թէ որպէս քաղաքական կազմակերպութիւն, ի տարբերութիւն միւսներուն, Ռ.Ա.Կ.-ը զերծ եղած է որեւէ ներքին տագնապէ եւ բաժանումներէ:

Այդ պատճառաւ իսկ հակառակ մեր սահմանափակ միջոցներուն, Ռ.Ա.Կ.-ը հսկայական իրագործումներու հասած է մինչեւ 1995 թուականը: Մինչեւ այդ թուականը նաեւ կուսակցութիւնը փաստօրէն հեզասահ կերպով անցած է սերընդափոխութեան քանի մը հանգրուաններէն:

Ահա 1995-ին եւ Լարնաքա-ի Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովին առիթով է որ մինչ վեթերան ղեկավարութիւնը պատրաստ էր ժամանակ մը ՙշունչ առնելու՚, միւս կողմէ վերջին շրջանին մէջտեղ եկած էր խումբ մը որ կþուզէր ոգի ի բռին ինք եւս ցոյց տալ ղեկավարութեան իր կարողութիւնները եւ հետեւաբար այդ առիթը տրուեցաւ իրենց:

Այդ թուականէն սկսեալ է որ յանկարծ ծայր տուաւ բոլորովին անիմաստ գաղափարախօսական որեւէ հիմք չունեցող նախկին պատկառելի ղեկավարութեան դէմ ջլատիչ գործունէութիւն մը որուն մանրամասնութեանց մէջ չեմ ուզեր մտնել այստեղ, եւ ոչ ալ անուններով եւ պատահարներով նշել տուեալներ:

Նպատակասլաց որեւէ պարունակութենէ զուրկ անձերով ստեղծուած այս վիճակը դժբախտաբար երկարեցաւ յաջորդող տասնեակ տարիներուն ընթացքին: Բնականաբար անպտուղ ներքին ջլատիչ մթնոլորտի այս շրջանները ժամանակ առ ժամանակ մեղմացան եւ կատարուեցան յաջորդական հաշտեցման փորձեր որոնք բոլորն ալ ձախողութեան մատնուեցան նոյն այս խմբակին եւ անոնց միացողներուն անհեռանկարային կեցուածքին պատճառաւ: Ի վերջոյ կասկածէ վեր է թէ տուժեց հրաշալի անցեալ ունեցող Ռ.Ա.Կ.-ը: Տարիներու ընթացքին վեթերան կուսակցականներ եւ իրենց շուրջ հաւաքուած հաւատաւոր կուսակցականներ շարունակեցին կուսակցութեան աւանդական գործունէութիւնը յատկապէս յատուկ ոյժ տալով մեր մամուլին աւելի եւս զարգացման եւ հզօրացման եւ նաեւ հզօրացընելով Թէքէեան Մշակութային Միութեան գործունէութիւնը սկսելով Հիւսիսային Ամերիկայէն մինչեւ Հայաստան:

Հաշտեցման եւ մերձեցման փորձերը կը շարունակուին այսօր եւս եւ կը յուսանք որքան շուտ այնքան լաւ անոնք յանգին գործնական դրական արդիւնքի:

Մինչ այդ արդէն իսկ համարեա Ռ.Ա.Կ.-ի բոլոր մամլոյ օրգանները գտած են համադրուած եւ ներդաշնակ աշխատանքի ողջունելի տարազ մը:

Ամենայն դէպս Սփիւռքի թէ Հայաստանի մէջ վերամիացած եւ հետեւաբար աւելի եւս հզօրացած Ռ.Ա.Կ.-ը շատ մեծ չափով կրնայ սատարել ընդհանրապէս ազգային կեանքը արդիւնաւէտ դարձնելու գործին եւ պէտք է ամէն ջանք կատարել հասնելու համար այդ նպատակին:

 

Հ.- Ըստ ձեր հայեցողութեան, ի՞նչ է դերը Սփիւռքին, ի՞նչ է անոր ապագան եւ որքանով կրնայ ան սատարել հայրենիքին քաղաքականօրէն մտքի ու գիտութեան ծիրէն ներս:

Պ.- Հայկական Սփիւռքը տարածուած ըլլալով քաղաքակիրթ աշխարհի ամենակարեւոր եւ զգայուն երկիրներուն մէջ, Ռուսաստանէն մինչեւ Եւրոպա եւ Ամերիկա, անվիճելիօրէն կենսական կարեւորութիւն ունեցող մէկ բաժինն է հայ իրականութեան: Ափսոս սակայն որ իր ունեցած հսկայ տարողութեան մէկ շատ փոքր մասն է միայն որ կը գործածուի ի նպաստ հայկականութեան:

Որեւէ մէկու հակակշիռէն դուրս է բնականաբար այն իրականութիւնը թէ սփիւռքը ենթակայ է եւ ենթակայ պիտի մնայ ուծացման անսանձելի յառաջխաղացին: Միւս կողմէ սակայն իր ծոցին մէջ կան տարբեր բնագաւառներու մէջ մեծագոյն յաջողութիւններու հասած եւ կարողութիւններ ունեցող մեծ թիւով անհատներ որոնք կը շարունակեն ինքզինքնին տարբեր չափերով կապուած մնալ իրենց հայկական ծագումին:

Ամենադժուար գործը կը կայանայ այս հսկայ հարստութեան մասնիկները կազմակերպուած ուժականութեան վերածելու աշխատանքին մէջ:

Բնականաբար որոշ չափով կարեւոր դեր կը կատարեն տակաւին մեր աւանդական կազմակերպութիւնները, Եկեղեցին, Հայ Բարեգործական Ընդհ. Միութիւնը եւ այլ մշակութային կազմակերպութիւններ եւ կուսակցութիւններ, սակայն բոլորին ալ կատարած աշխատանքը նշանակալից ըլլալով հանդերձ Սփիւռքի կարողութեան մէկ կոտորակն է միայն որ այսօր կը գործածուի ի նպաստ հայկականութեան:

Անգամ մը եւս պիտի անդրադառնամ Արցախեան վերջին տխուր պատերազմին եւ անկէ ետք Հայաստանի մէջ այսօր տիրող անգլուխ եւ ուղեկորոյս պետականութեան ահաւոր վիճակին:

Մինչեւ այդ պատերազմին սկիզբը տակաւին կþուզէինք հաւատալ թէ հակառակ իր տարբեր տկարութեանց, Հայաստանը այլեւս Հայ ժողովուրդին համար հաստատուն կռուան մըն է որ մշտական եւ յարաճուն հզօրացման ճամբու վրայ կը գտնուի եւ որ պիտի օգնէ որպէսզի Սփիւռքը պահէ իր կենսունակութիւնը եւ օգտակար դառնայ Հայ իրականութեան:

Պատերազմէն ետք սակայն կարծես յանկարծ դերերը շրջուած են եւ հեգնականօրէն այսօր այնպէս կը թուի թէ Սփիւռքն է որ պէտք է կազմակերպուի օգնելու հայրենիքին վերականգնումին, մասնաւորաբար տնտեսական եւ քաղաքական բնագաւառներուն մէջ:

Ուրեմն այսօր աւելի քան երբեք կարեւոր է Սփիւռքը պահել ազգային առողջ եւ գիտակից վիճակի մէջ:

Դասական մեր միջոցները բաւարար չեն այլեւս: Անհրաժեշտ է մանաւանդ օգտագործել յարաբերութեանց արդիական բոլոր միջոցները, օտար լեզուներով արտայայտուող ոյժեղ հայկական մամուլը մանաւանդ բանալի դեր ունի կատարելիք:

Ահաւասիկ բոլորին համար եւ յատկապէս Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան համար մեծ եւ ճակատագրական մարտահրաւէր մը որուն կը հաւատամ թէ մեր կուսակցութիւնը կրնայ պատասխանել կարեւոր չափով եթէ շուտով վերագտնէ իր անցեալի կարողականութիւնը:

Եզրակացնելու համար, յաջողութիւն Ռ.Ա.Կ.-ին եւ մեր ժողովուրդին` ի Հայաստան եւ ի Սփիւռք: