Առաւել Այպանելի եւ Դատապարտելի է Այս Արարքը՝ Երկրորդ Անգամ Ըլլալուն Համար

Մոնթրէալի Մեծ Եղեռնի Նշման Համագաղութային Ձեռնարկին Առիթով

Մեծ Եղեռնի Ապրիլեան տարեկան հանդիսաւոր նշումը գոնէ այն մէկ պատեհութիւնն է ուր հայութիւնը ամէն տեղ՝ մէկ կողմ կը թողու ամէն տեսակի նկատումներ եւ անհամաձայնութիւններ, եւ յարգանք կը մատուցէ իր բիւրաւոր նահատակներու յիշատակին: Այդ պատեհութեամբ է նաեւ որ իւրաքանչիւր համայնքի մէջ բոլոր կազմակերպութիւնները, միացեալ ոյժերով, հայութեան անժամանցելի պահանջատիրական արտայայտութիւնները կը բարձրաձայնեն այդ առիթով հրաւիրուած երկրի պետական բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու ներկայութեան:

Իսկ այս բոլորին առանցքը անվիճելիօրէն մեր հայրենիքը Հայաստանն է որպէս անփոխարինելի նշանաբանը հայկականութեան եւ յենարանը մեր պահանջատիրութեան, բոլորովին անկախաբար այնտեղ տիրող օրուան քաղաքական իշխանութեան գոյնէն կամ որեւէ մասնայատկութիւններէն:

Ահա այս բոլորին նկատմամբ խոր գիտակցութեամբ եւ հասկացողութեամբ է որ այս տարի եւս Մոնթրէալի Ռ.Ա.Կ.-եան Էօժէն Բաբազեան ակումբը եւ Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը, մեր ներկայացուցիչներով, Կիրակի օր Ապրիլի 21-ին, մասնակից էինք Քէպէքի Հայ Համայնքի Միացեալ Մարմնին կողմէ կազմակերպուած՝ Եղեռնի 109-րդ տարելիցին նշման ձեռնարկին որ այս տարի տեղի կ’ունենար Հ.Յ.Դ.-ի ենթակայ Հայ Կեդրոնին Ահարոնեան սրահին մէջ:

Մեր այս պաշտօնական յայտարարութեամբ, մեր խստագոյն բողոքը եւ դատապարտութիւնը կը յայտնենք այս ձեռնարկին սկզբնաւորութեան տեղի ունեցած ամօթալի եւ անարդարանալի այն պատահարին մասին, ուր, երբ այս ձեռնարկին պաշտօնապէս ներկայ գտնուելու եւ խօսք առնելու համար հրաւիրուած՝ Գանատայի մօտ Հ.Հ. դեսպան Ն.Գ. Անահիտ Հարութիւնեան մուտք գործեց պաշտօնական քոքթէյլ հիւրասիրութեան հաւաքոյթէն, յանկարծ տեղէ մը յայտնուեցան Հ.Յ.Դ.ի քանի մը անզուսպ երիտասարդներ որոնք յարձակողական, վիրաւորական, եւ անվայել պոռչտուքներով, անարադարօրէն ջանացին անարգել Հայաստանի մեծայարգ ներկայացուցչին, որ ի դէպ, Գանատայի մէջ իր բազմամեայ դիւանագիտական տիպար գործունէութեամբ, բացառիկ յարգանքը եւ համակրանքը կը վայելէ անխտիր ամբողջ գանատահայութեան:

Աւելի եւս պախարակելի է այս տգեղ պատահարը, քանի որ այնտեղ ներկայ էին նաեւ Հ.Յ.Դ. ի Գերագոյն ղեկավարութեան ներկայացուցիչները որոնց պարտքն էր անմիջապէս զսպել այդ փողոցային պատահարին մասնակցողները, սաստել զանոնք և հեռացնել այնտեղէն եւ տեղւոյն վրայ հրապարակաւ ներողութիւն խնդրել մեծայարգ դեսպանէն:

Այլայլած օտար հիւրերու հարցական նայուածքներուն տակ, թէեւ գաղութի բազմաթիւ ղեկավարներ ներողամտութիւնը հայցելով, խնդրեցին մեծայարգ դեսպանէն մնալ եւ հանդիսաւոր այս առիթով տալ իր պատգամը, սակայն հասկնալիօրէն՝ ան նախընտրեց մեկնիլ եւ առիթը չտալ որ երեկոյթին ընթացքին տեղի ունենան հայութեան անպատուաբեր յաւելուածական անախորժութիւններ:

Անգամ մը եւս, եւ աւելի եւս խստօրէն կը դատապարտենք Հ.Յ.Դ.-եան ղեկավարութիւնը, մանաւանդ որ այս երկրորդ առիթն է, որմէ քանի մը ամիսներ առաջ Թորոնթոյի մէջ իրենց շարքերէն քանի մը հոգիներ նման անարդարանալի անարգական վերաբերմունք մը ունեցած էին, հայրենիքի ներկայացուցիչին նկատմամբ եւ նաեւ աւելի վերջ նոյնիսկ պաշտօնապէս ներողութիւն խնդրած էին իրմէ:

Ն.Գ. Դեսպանուհի Անահիտ Հարութիւնեան՝ առաջին հերթին ներկայացուցիչն է մեր հայրենիքին: Ան իր դիւանագիտական ազդեցիկ եւ նուրբ կարողութիւններով մօտ հինգ տարիներէ ի վեր Գանատայի մէջ բացառաբար գովելի ձեւով կը կատարէ, իր արդիւնաւէտ առաքելութիւնը ի նպաստ Հայաստանին, այսօրուան դժուար պայմաններուն մէջ: Տիկին Հարութիւնեան նաեւ զմայլելի նրբութեամբ դրապէս կը պատասխանէ անխտրաբար գանատահայ բոլոր կազմակերպութեանց կողմէ իրեն ուղղուած հրաւէրներուն:

Այս յայտարարութեամբ, մենք հրապարակաւ եւ խոր վրդովմունքով կրկնակի դատապարտելով այս վերջին պատահարը, որպէս Ապրիլ 21-ի ձեռնարկին կազմակերպման մասնակից՝ անգամ մը ևս ներողամտութիւնը կը խնդրենք մեծայարգ դեսպան Անահիտ Հարութիւնեանին:

 

            Ռ.Ա.Կ. Մոնթրէալի Էօժէն Բաբազեան Ակումբ

          Մոնթրէալի Թէքէեան Մշակ. Միութիւն