Ազգային ժողովի նոր պատգամաւորները

ՀՀ կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին մէջ գումարուած նիստի ընթացքին քննարկուեցաւ Ազգային ժողովի «Ելք» կուսակցութիւններու դաշինքի ընտրական ցուցակին մէջ ընդգրկուած, ինքնաբացարկ ներկայացուցած (իրաւագիրէն հրաժարած) պատգամաւորի թեկնածուի արձանագրութեան ուժը կորսնցուած ճանչնալու մասին հարցը, ինչպէս նաեւ` Ազգային ժողովի պատգամաւորի իրաւագիր տրամադրելու մասին արձանագրութիւնները:

Ըստ “Փանորամա”-ի՝ յանձնաժողովը դադրեցուց ԱԺ պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեանի լիազօրութիւնները՝ անոր վարչապետի պաշտօնը ստանձնելու պատճառով: Նիկոլ Փաշինեանի փոխարէն Ազգային ժողովի իրաւագիր տրամադրուեցաւ Երեւանի աւագանիի «Ելք» խմբակցութեան անդամ Ալեն Սիմոնեանին:

«Ելք» խմբակցութենէն Արարատ Միրզոյեանի իրաւագիրը տրուեցաւ Հրաչեայ Յակոբեանին, Մանէ Թանդիլեանի փոխարէն` Յովիկ Աղազարեանին, Արտակ Զեյնալեան փոխարէն` Հայկ Կոնջորեանին:

Հանրապետական կուսակցութեան անդամ Գրիգոր Աւալեանի փոխարէն՝ Յակոբ Գառնիկի Յակոբեանին, իսկ ՀՅԴ Աղուան Վարդանեանի փոխարէն` Ռուզաննա Առաքէլեանին: